«ԶԱՐԹՕՆՔ«, ՊԷՅՐՈՒԹ – Գերմանիան պատրաստ է Սուրիոյ վերականգնման մասնակցելու որոշ պայմաններով, բայց այդ մասին խօսք պիտի չըլլայ, քանի դեռ չէ գտնուած հակամարտութեան քաղաքական լուծումը: Այս դիրքորոշումը յայտնած է ԳԴՀ-ի արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաասը «DPA» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ժամանակ, որ հրապարակուած է Սեպտեմբեր 14-ին, կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը:
«Եթէ գտնուի քաղաքական լուծում, որ իրեն հետ կը բերէ ազատ ընտրութիւններ, ապա մենք պատրաստ կ’ըլլանք պատասխանատուութիւն ստանձնելու վերականգնման հարցին մէջ»,- ըսած է Մաասը: Իր կարծիքով՝ «ո՛չ ռուսերը, ո՛չ իրանցիները, ո՛չ թուրքերը առանձին չեն կրնար գլուխ հանել այդ մէկը»:
Միաժամանակ Մաասը ընդգծած է, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը չի կրնար պատկերացնել այնպիսի լուծում մը, զոր կը նախատեսէր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութեան գլուխ մնալը երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ: Սակայն նախարարը Ասատի պարտադիր հեռանալը չէ նշած որպէս Սուրիոյ վերականգնման ԳԴՀ-ի մասնակցութեան պայման: «Վերջնական որոշումը պիտի տրամադրուի բոլոր սուրիացիներուն, այդ կարգին՝ անոնց, որոնք փախած են երկրէն եւ կը ցանկան ետ վերադառնալ»,- ըսած է Մաասը, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»-ը:






