«ԶԱՐԹՕՆՔ«, ՊԷՅՐՈՒԹ – Չեխիոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է իսլամիստ մը, որ ահաբեկչութիւն կը նախապատրաստէր Հանրապետութեան մէջ: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, Սեպտեմբեր 14-ին յայտնած է Պրահայի «Mlada Fronta Dnes» թերթի կայքը:
Ձերբակալուածի բնակարանին մէջ կատարուած խուզարկութեան ընթացքին յայտնաբերուած են ռումբերու արտադրութեան հրահանգ եւ քիմիական նիւթեր, որոնք անհրաժեշտ են անոր համար: Ոստիկանութիւնը իրեն մեղադրանք առաջադրած է ահաբեկչական գործողութիւն նախապատրաստելու համար, զոր ան կը ծրագրէր իրականացնել սեփական ձեռքով պատրաստուած պայթուցիկ սարքերու օգնութեամբ: Ձերբակալուած Տոմինիք Կ.-ն ծագումով սլովաք է: Ան երեք տարի առաջ իսլամութիւնը ընդունած եւ, ինչպէս կը նշէ հրատարակութիւնը, դարձած է մոլեռանդ իսլամիստ: Ան աշխուժօրէն կը գործէր ընկերային ցանցերու վրայ: Իր իտէալը դարձած է Իսլամական պետութիւնը:
Սա Չեխիոյ տարածքին ահաբեկչութիւն նախապատրաստող իսլամիստի ձերբակալման առաջին դէպքն է, ընդգծած է թերթը, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»-ը:






