«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ-Լիբանանի համար Միջազգային Յատուկ ատեանի դատախազութիւնը Ուրբաթ աւարտեց եզրափակիչ փաստարկներու քննարկումը՝ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հետ կապուած դատավարութեան գործընթացը մէկ քայլ եւս առաջ տանելով:
«Ահաւասիկ շարք մը ապացոյցներ, ըստ որոնց՝ չորս մեղադրեալները՝ Սալիմ Աայյաշը, Հասան Մերհին, Ասատ Սապրան եւ Հուսէյն Ղունէյսին մեղապարտ են պայթումի յանցագործութեան մէջ անկբախ ներգրաւուածութեան համար»,- ըսաւ դատարանի փաստաբան Նիկըլ Փովոուազը Ուրբաթ յետմիջօրէին:
Ան դատաւորներէն խնդրեց դատախազութեան հետ պայմանաւորուածութեան յանգին դատավճիռի կայացման ժամանակը ճշդուի, ինչը պիտի յայտարարուի 2019-ին:






