«ԶԱՐԹՕՆՔ«, ՊԷՅՐՈՒԹ – Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Ավիկտոր Լիպերման ժամանած է Ազրպէյճան՝ հանդիպելու երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ ուժային գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն հետ, կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը՝ յղում ընելով «BBC»-ին:
Ինչպէս կը նշեն փորձագէտները, Ազրպէյճանը լաւ յարաբերութիւններ ունի Իսրայէլի հետ եւ բաւական երկար ժամանակէ իսրայէլական զէնք կը գնէ: Իրենց կարծիքով՝ այս այցը նոյնպէս կապուած է նման համագործակցութեան հերթական փուլին հետ: Ավիկտոր Լիպերման Սեպտեմբեր 12-ին եւ 13-ին այցով եղած է Վրաստան, իսկ այնուհետեւ ժամանած է Ազրպէյճան՝ հանդիպելու այդ երկիրներու նախագահներուն, պաշտպանութեան նախարարներուն եւ հետախուզական ծառայութիւններու ղեկավարներուն հետ:
Ազրպէյճանի պաշտօնական պետական գործակալութիւնը՝ «AzerTag»-ը, եւ երկրի պաշտպանութեան նախարարութիւնը առայժմ չեն հրապարակեր հանդիպումին մանրամասնութիւնները, եւ «BBC»-ին կարելի չէ եղած զանոնք պարզել ո՛չ նախարարութենէն, ո՛չ ալ նախագահի վարչակազմէն:






