«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հըզպալլա կուսակցութեան խորհրդարանական պլոքի նախագահը դիտել տուաւ, որ օտար «խաղացողներ» ներգրաւուած են Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմաւորման ձգձգման գործին մէջ, որովհետեւ, ըստ իրեն, Լիբանանի մէջ քաղաքական զանազան կողմեր այդ հնարաւորութիւնը կ’ընձեռեն: Այս մասին կ’իմանանք Հինգշաբթի Ազգային լրատուական գործակալութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութենէն:
Յայտարարութեան մէջ երեսփոխան Մուհամմատ Ռաատը խստագոյնս կը պահանջէ կառավարութեան կազմաւորման ի կատար ածումը՝ շեշտելով, որ առանց նախարարաց խորհուրդին տարակուսանքի տակ կը դրուի Լիբանանի գոյավիճակի բնականոն ընթացքը:






