Երկուշաբթի, 02. 02. 2026

spot_img

ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ԵՒ ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Յովսէփեան վարժարանի տնօրէնութեան կազմակերպած Ծանօթացման երեկոն ու ծնողական հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Օգոստոս 30-ի երեկոյեան ժամը 6։30-ին: Վերամուտի սեմին կազմակերպուած այս հաւաքին, ներկայ էին մեծ թիւով ծնողներ, որոնք եկած էին ծանօթանալու դպրոցի միջավայրին, դասարաններուն, ուսուցչական կազմին, առաւել 2018-2019 տարեշրջանի կրթական ու դաստիարակչական նոր ծրագիրներուն :

Մանկամսուրի վարիչ Արփի Դադուլեան Ժաժա, բացման խօսքին մէջ ներկայացուց  ուսուցչական կազմի անդամները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք  ամրակուռ կամուրջ հանդիսանալով իրենց զաւակներուն եւ դպրոցին միջեւ, կարողացած էին նպաստել մանկամսուրի բաժնի յառաջդիմութեան՝ նոր յայտագիրներով եւ ծրագիրներով:

Վարժարանիս տնօրէն Պր. Շահէ Մանկրեան ողջունելով ներկաները բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին ու պատասխանեց ծնողներուն հարցումերուն, պարզելով անոնց ազդեցիկ դերը կրթական ընդհանուր գործընթացին մէջ:

Օրուայ հաւաքին խորհուրդը իմաստաւորելու նպատակաւ ներկայ էին պատուական հիւրեր։ Քաղաքապետական խորհուրդի անդամուհի Մերկրիթ ՄքԱսթին իր հիացմունքը ցուցաբերեց [STEAM] (Science, Technology, Engineering, Art, Math) program-ի աննախընթաց իրագործման մասին, որ կիրարկուեցաւ ամառնային դպրոցի ընթացքին, որուն մանրամասնութիւններուն մասին բացատրութիւն տուաւ գիտութեան ուսուցչուհի Միշէլ Պրաունին, նշելով թէ յիշեալ ծրագրին նպատակն է ներկայացնել աշակերտներուն կրթական արդի եւ դուրեկան ծրագիրներ, որոնք կ’ընդգրկեն գիտութիւն, արհեստագիտութիւն, ճարտարապետութիւն, արուեստ եւ ուսողութիւն:

IDEAL LAB ընկերութեան պիզնէսի զարգացման բաժնի փոխնախագահ Ալեքս Մալիքի, գնահատելով դպրոցին կրթական ու դաստիարակչական արդի ծրագիրներու կիրարկումը, յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:

Ետքը, Տէր Սարգիս Աւագ Քահանայ Փեթոյեան եւ հոգաբարձութեան ատենապետուհի Տիկ. Երան Մէլէլեան շնորհակալութիւն յայտնեցին մանկամսուրի վարիչին եւ ուսուցչական կազմին։

 Տիկ. Արփի ծնողներուն հետ զրուցեց դպրոցի ներքին համակարգին եւ ապահովական օրէնքներու մասին, ապա ընկերակցութեամբ հոգաբարձական կազմի անդամ եւ կրթական մշակ Տիկ. Գոհար Ճարլըքեանի պատասխանեց ծնողներուն հարցումներուն:

Ծնողները «Գարուն» կաթնեղէն արտադրական ընկերութեան համեղ հիւրասիրութիւնը ճաշակելէ ետք բաւարարուած եւ ուրախ բաժնուեցան  Յովսէփեան դպրոցի ընտանիքէն:

 

ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին