Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Սալվատորի Նախկին Նախագահը Տասը Տարուան Բանտարկութեան Դատապարտեցին Կաշառակերութեան Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սալվատորի մէջ դատարանը երկրի նախկին նախագահ Անթոնիօ Սաքան, որ նախագահած է 2004-2009 թուականներուն, տասը տարուան բանտարկութեան դատապարտած է պետական պիւտճէէն 300 հազար տոլար վատնելու համար: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, Twitter-ի վրայ  յայտնած է Սալվատորի գլխաւոր դատախազութիւնը:

«Նախկին նախագահ Անթոնիօ Սաքան 10 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած է յափշտակութիւններու, փողերու լուացման հետ կապուած յանցագործութիւններու համար»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Այդտեղ կը նշուի, որ համանման պատժաժամկէտ ստացած է նաեւ նախագահի նախկին անձնական քարտուղարը, պակաս պատժաժամկէտներու դատապարտուած են նաեւ Սաքայի օրօք գործող կառավարութեան երկու նախկին նախարարներ, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»-ը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին