«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-
Արժանապատիւ Տէր Սարգիս Աւագ Քահանայ Փեթոյեան
Սիրելի Տէր Սարգիս,
Մեծագոյն ուրախութեամբ կ՚ուզէի ներկայ ըլլալ եւ անձամբ շնորհաւորել Ձեզ, Ձեր քահանայագործութեան 20-ամեակին առիթով, բայց դժբախտաբար ընտանեկան պարտաւորութեան մը պատճառաւ, պիտի չկարենամ անձամբ ձեռքի ամուր սեղմումով շնորհաւորել Ձեզ եւ երէցկինը այս իրապէս նշանակալի օրուայ առիթով:
Քառասուներկու տարիէ ի վեր ծանօթ եմ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ծուխին եւ շրջանակին: Այս եկեղեցիին մէջ ամուսնացած եմ եւ մկրտած իմ զաւակներս:
Այս Ծուխը եղած է մեր թեմի ամէնէն աշխոյժ ծուխերէն մին եւ Փասատինայի հայութեան բաբախուն սիրտը: Այս եկեղեցին իր շուրջ հաւաքեց Փասատինայի ամբողջ հայութիւնը, կազմակերպեց զանոնք եւ օգտակար հանդիսացաւ Միջին Արեւելքէն եկած մեծաթիւ հայերու:
10-15 տարիներ առաջ այս պատուական Ծուխը դժուարութիւններու առաջ գտնուեցաւ, բայց թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի իմաստուն կարգադրութեամբ, Ձեզ հովիւ նշանակելով այս Ծուխը գտաւ իր անդորրը եւ ամէն ինչ խաղաղ եւ սահուն ընթացք մը առաւ շնորհիւ Աստուծոյ օգնութեան եւ Ձեր Աստուածապարգեւ շնորհներուն:
Այո, Ձեր գալէն ետք ամէն ինչ երգ եւ երաժշտութիւն եղաւ, սէր եւ յարգանք տիրեց եւ Ծուխը նոր եւ փայլուն վիճակի հասաւ:
Թող բոլոր տաղանդներուն աղբիւր Աստուած Ձեզի ուժ եւ կարողութիւն շարունակէ պարգեւել, որպէսզի դուք կարենաք աւելի մեծ եռանդով շարունակել Աստուածահաճոյ այս ծառայութիւնը:
Մնամք Ձեր Սուրբ Աջը համբուրող՝
Խաչիկ եւ Ռոզմերի Ճանոյեան
***
Այս առիթով, ՆՈՐ ՕՐ նոյնպէս կը շնորհաւորէ արժանապատիւ Տէր Հայրը, մաղթելով քաջառողջութիւն, արեւշատութիւն եւ յարատեւ կամք, բարձրագոյն գիտակցութեամբ շարունակելու ծառայողական իր առաքելութիւնը։






