Շաբաթ, 14. 03. 2026

spot_img

«Շանթ-2018». Ազգային Ժողովը Իրականացուցած Է Շարք Մը Անհրաժեշտ Միջոցառումներ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած ենք, Սեպտեմբեր 12-ին «Շանթ-2018» հրամանատարակազմի զօրավարժութիւններու ծիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը ընդունած է պատերազմ յայտարարելու մասին որոշում: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրային կապերու վարչութենէն:

Որոշումի ընդունումէն ետք սահմանուած կարգով ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահը, Ազգային ժողովի համապատասխան մշտական յանձնաժողովներու նախագահները, ինչպէս նաեւ բարեկամական խումբերու ղեկավարները միջազգային գործընկերներուն տեղեկացուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած դրութեան մասին, հանգամանօրէն ներկայացուցած հայկական կողմի դիրքորոշումներն ու մօտեցումները:

Երկրին մէջ ստեղծուած իրադրութեան զարգացման համընթաց ՀՀ Ազգային ժողովի կողմէ կ’իրականացուին շարք մը այլ անհրաժեշտ միջոցառումներ: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին