Երկուշաբթի, 02. 02. 2026

spot_img

Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց

Տասնամեակ մը առաջ էր, երբ Վէնքուվըրէն Լոս Անճելես այցելեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս եւ բարեկամական այցելութիւն մը տուաւ մեզի։ Ամէն նման այցելութեան մեր տունը ա՛լ աւելի կը լեցուէր քրիստոնէական ջերմ մթնոլորտով՝ իր բերած խանդավառութեան առընթեր։ Բացի հայրենակցական կապերէ, մայրս խոր յարգանք կը տածէր իր մեծ հօր հանդէպ եւ ամէն այցելութեան զիս կը տանէր Ալեէմէզեանենց տունը։

Ահաւասիկ մեր տուն տուած իր հերթական այցելութեան մը ատեն Սրբազան Հայրը խնդրեց որ հանդիպինք իր առաջին տնօրէնին՝ Պրն. Երուանդ Պապայեանին եւ իր տիկնոջ Ռոզինին։ Պրն. Ե. Պապայեան իր կենցաղին բնորոշ լրջութեամբ դիմաւորեց մեզ՝ փողկապ համազգեստով… անուաթոռի մէջ եւ մանուկի մը պէս ուրախացաւ «իր զաւկին» այցելութեամբ։ Ջերմ ողջագուրումներէ ետք Տէր եւ Տիկ. Պապայեաններու եւ Փրոֆ. Սիլվա Գարայեանի հետ, սկսաւ զրոյցը հինէն ու նորէն։

Այդ օրը ինծի համար յայտնութիւն մը բերաւ երկուքին անցեալէն։

Ուրեմն Մանուկի (աւազանի անուն Նարեկ Սրբազանի) մայրը՝ յետագային հպարտ տիրամայրը, պլպլան աչքերով ու բարի դէմքով իր մինուճար որդւոյն ձեռքէն բռնած արձանագրութեան նպատակով կը տանի գաղթականական թաղերու մխիթարանքը եղող ԹՄՄ Թէքէեան վարժարանը ու կը ներկայանայ միջին տարիքի ու խիստ յարգուած տնօրէն Պրն. Երուանդ Պապայեանին։ Ձգենք որ մնացեալը պատմէ Պրն. Տնօրէնը.

– Մայրդ ձեր ձեռքէն բռնած մտաւ գրասենեակս։ Տեսնեմ դիմացս փայլուն աչքերով համակրելի տղէկ մը կայ։ Այն ատեն ձեզի հարցուցի թէ ի՞նչ կ՚ուզես ըլլալ երբոր մեծնաս, դուք առանց վարանելու ըսիք՝ «Կաթողիկոս»…, ըսի՝ կ՚ըլլաս տղա՛ս, ուշիմ երեխայ մը կ՚երեւիս։ Ապրի՛ս։

Եւ այսպէս Մանուկը՝ հաւատարիմ իր խոստումին, Թէքէեան վարժարանը աւարտելէ ետք մտաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը։

Ահաւասիկ այսօր Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ալեէմէզեան արդարօրէն կը զբաղցնէ Լիբանանի նման կարեւոր ու խոր աւադութիւններ ունեցող հայկական գաղթավայրին հոգեւոր Առաջնորդի աթոռը։

Դժուար ու խիստ պատասխանատու օրեր կը սպասեն նորընտիր Առաջնորդ հօր։ Իրեն կը մաղթենք մեծ համբերութիւն եւ մեր Տիրոջ ամպհովանին։

 

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

            (Լոս Անճելըս)

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին