ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Գործի երթալու նորագոյն ձեւը…
Գաղտնիք մը չէ որ Նիւ Եորք քաղաք ապրիլը գրեթէ անհնար է, սղութեան պատճառաւ։ Ուրեմն, Նիւ Եորք աշխատող պաշտօնեաներուն եւ գործաւորներուն մեծամասնութիւնը կը բնակի Նիւ Ճըրզիի մէջ, որովհետեւ հոն տուներուն գիներն ու վարձքերը աւելի նպաստաւոր են։ Իսկ Նիւ Եորքը Նիւ Ճըրզիէն կը բաժնէ Հատսըն գետը։
Գիտենք, թէ Նիւ Ճըրզիէն Նիւ Եորք երթեւեկը շատ հեշտ է։ Մարդիկ կամ անձնական ինքնաշարժներով եւ կամ ալ հանրային փոխադրամիջոցով կ՚ընեն այդ ճամբորդութիւնը։ Իսկ փոխադրութեան երկու միջոց կայ. կամ Ճորճ Ուաշինկթըն կամուրջով եւ կամ ալ ստորերկրեայ Լինքըն փապուղիով։
Մեր պատմութեան հերոսը՝ Սքաթ Հոլթ, կը բնակի Ճըրզի Սիթի եւ կ՚աշխատի Նիւ Եորք։ Առաւօտ մը, ան կ՚որոշէ գործի երթալ մակոյկով՝ (տեսնել նկարը) չես գիտեր ինչու։ Հատսըն գետին լայնքն է 1,450 մեթր եւ դիավարելով՝ Սքաթ կէս ժամէն կը կտրէ գետը եւ կը հասնի իր գործատեղին, ուր կարեւոր ժողով մը կը գումարուէր։
Մեր յաջորդ նկարը ցոյց կու տայ զբօսաշրջիկներու խումբ մը, որոնք նաւով Նիւ Եորքի տեսարժան վայրերը շրջագայելու ընթացքին, կը տեսնեն Սքաթը՝ մակոյկով դիավարելու ընթացքին։ Իսկ Սքաթ՝ անփոյթ շուրջի անցուդարձերէն, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։
Թէեւ Սքաթ անվնաս եւ ապահով կը հասնի իր տեղը, սակայն կը խոստովանի, որ ահ ու սարսափի վայրկեաններ անցուցած է իր անսովոր ճամբորդութեան ընթացքին։ Բայց ի՜ զարմանք բոլորին, անոր հագուստները երբեք չեն թրջած գետի ջուրէն, ի բացառեալ կօշիկներէն…
Բայց ինչո՞ւ այս սխրագործութիւնը, երբ շատ դիւրաւ, ան կրնար գործի երթալ մեծամասնութեան ընտրած փոխադրամիջոցով։ Այս հարցին պատասխանը միայն ինք կրնայ տալ եւ մեզի կը մնայ հաղորդել այս լուրը եւ վերջ։
Իրականութի՞ւն, թէ առասպել
Քանատայի մէջ գոյութիւն ունի Մորմոններէն ճիւղաւորուած աղանդ մը, որ կ՚արտօնէ բազմակնութիւնը։ Այդ աղանդի հետեւորդները բնակութիւն հաստատած են Քանատայի Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգի Պաունթիֆուլ շրջանին մէջ։
Վերոյիշեալ աղանդի կրօնական մեծաւորներէն (Bishops) երկու անձեր՝ 61 տարեկան Ուինսթըն Պլէքվուտ (տեսնել նկարը) եւ 54 տարեկան Ճէյմս Օլըր, վերջերս ամբաստանուած եւ դատապարտուած են բազմակնութեամբ։
Հիմա պիտի չհաւատաք, երբ ըսեմ թէ Ուինսթըն Պլէքվուտ 24 կին ունի եւ 149 զաւակ, իսկ Ճէյմս Օլըր՝ 5 կին ունի եւ 11 զաւակ… Այսինքն միասնաբար՝ անոնք ունին 29 կին ու 160 զաւակ…
Պլէքվուտ ամուսնութեանց իր շարքը սկսած է 1975 թուականին եւ ամուսնութեան ժամանակ, իր կիներէն տասը՝ 17 տարեկան էին, երեքը՝ 16 տարեկան եւ մէկը՝ 15 տարեկան։ Ան իր ամուսնութիւնները կ՚որակէ «երկնային միութիւններ», այսինքն՝ “celestial” unions:
Գալով Օլըրի՝ որուն ամուսնութիւններն ալ «երկնային միութիւններ» կ՚որակէ ան, ամուսնութեան ժամանակ՝ կիներէն մին 15 տարեկան էր, իսկ ուրիշ մը՝ հազիւ 17 տարիքը թեւակոխած։
Ինքզինք արդարացնելու համար, Պլէքվուտ յայտարարած է թէ ինք պարզապէս կը հետեւի իր կրօնքին թելադրութեանց եւ կ՚ապրի այն կեանքը՝ որ իր կրօնքը կ՚արտօնէ։ Ինչ մեղքս պահեմ, նայելով նկարին՝ միտքս կու գայ Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը» գիրքէն «Սերմանողն է։ Յաղթահասակ կը կանգնի մայրամուտի շողերուն մէջ ոսկեթոյր» քերթուածը։
Իսկ ի՞նչ է ասոնց դատավճիռը։ Շատ պիտի զարմանաք, երբ ըսեմ թէ գրեթէ ոչինչ։ Արդարեւ, Պլէքվուտի պատիժն է վեց ամիս տնային կալանք եւ 150 ժամ ընկերային ծառայութիւն (community work), իսկ Օլըրի պատիժը՝ երեք ամիս տնային կալանք եւ 75 ժամ ընկերային ծառայութիւն։
Դժբախտաբար վերոյիշեալ յօդուածը երբեք չ՚անդրադառնար թէ այս երկու մարդիկը՝ ինչպէ՞ս կը հոգան իրենց ընտանիքներուն ապրուստը։ Հաւանաբար իրենց եկեղեցին է որ կը հոգայ այդ ծախսերը, քանի այդ եկեղեցիին ընտրեալ մեծաւորներն են՝ չէ՞ք խորհիր…