Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Յո՜ Երթաս, Հայաստա՛ն. Յեղափոխութեան Ոչ Թաւշեայ Գործելաոճին. Գաղտնալսումներուն Եւ Հայրենիքի Անվտանգութեան Մասին

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վերջերս համացանցի վրայ յայտնուեցաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Արթիւր Վանեցեանի եւ Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) պետ Սասուն Խաչատրեանի հեռաձայնային խօսակցութեան գաղտնալսումին ձայներիզը:

Նման ձայներիզի մը յայտնուիլը ու անոր ի տես եղած հրճուանքը, թէ դէմ եղած հակազդեցութիւնը ահագին մեծ ցուցանիշ է ընկերաքաղաքական այն ուղղահայեաց բաժանումին, որ առկայ է Հայաստանի, թէ սփիւռքներու մէջ:

Երեւոյթը ընդհանրապէս մտահոգիչ է, նախ որովհետեւ յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանի մէջ կարելի է գաղտնալսել նոյնիսկ ոչ պետական մակարդակով: Երկրորդ՝ որովհետեւ այս ձայնագրութեան բովանդակութենէն ի յայտ եկաւ, որ այն լոզունքներով ու նախկին իշխանութեան դատական համակարգին մէջ միջամտութիւններու  մասին ամբաստանութիւններով, որ յեղափոխականները իշխանութեան հասան, կեղծիք էին ըստ երեւոյթին, որովհետեւ պարզուածը կը փաստէ, թէ գործելաոճով շատ ալ տարբեր չեն իրենք իրենց նախնիներէն, եթէ նախնիներու մասին իրենց ամբաստանութիւնները ընդունինք որպէս փաստ: Երրորդ՝ Վարչապետի մակարդակով եղած ջղագրգիռ ելոյթները, երկու ժամուան ժամկէտով իր ընդդիմադիրները ասֆալտին վրայ պառկեցնելու սպառնալիքներն ու անոնց դէմ ընելիք իր բառերով «ռէյտ»-երու հրահանգը, նուազագոյնը հոգեկան ոչ հանգիստ ու ինքնավստահ իրավիճակ ցոյց կու տայ, մինչ այդ ոճը ոչ թէ միայն թաւշային չէ, այլ վրէժխնդրութիւն կը հոտի. բան մը, որ աւելի քան մտահոգիչ պարագայ է:

Այս բոլորին վրայ եթէ գանք գումարելու ընկերային համացանցի վրայ  յեղափոխականներու եւ ոչ յեղափոխականներու՝ իրար դէմ ատելութեամբ ու հայհոյանքներով լի գրառումները, իւրայինէն տարբեր կարծիքի հանդէպ եղած անհանդուրժողականութիւնը, Երեւանի քաղաքապետական ընտրարշաւին օգտագործուած նախամարդկային դարաշրջանի ոճը՝ ընկերութիւնը սեւ ու սպիտակի բաժնելու, ինչպէս նաեւ իշխանական տրամաբանութիւնը հակառակ կարծիքի տէր մարդը դաւաճան հռչակելու, արդէն իսկ վախազդեցիկ իրականութեան մը առջեւ կը դնէ բոլորս, որովհետեւ նման նախանշաններով է, որ կը սկսի քաղաքացիական պատերազմ որեւէ երկրի մէջ…:

Իսկ եթէ նկատի ունենանք հայրենի գործադիր իշխանութեան ՝ միջազգային ընտանիքին հետ ունեցած այսօրուան ոչ այնքան վստահելի գոյավիճակի կարգ մը մանրամասնութիւնները, որ, ի դէպ, երէկ նաեւ դրսեւորուեցաւ ԵԽԽՎ քաղաքական հարցերու եւ ժողովրդավարութեան յանձնաժողովի նիստին, որ արդէն կը յուշէ, թէ Հայաստանի ներքին իրավիճակը միջազգային բեմ կը բարձրանայ:  Նշեմ, որ, ըստ կարգ մը աղբիւրներու, վերոյիշեալ յանձնախումբին մէջ քննարկուած  է Հայաստանի մէջ տիրող ներքաղաքական իրավիճակը եւ վերջին շրջանին տեղի ունեցած զարգացումները, մասնաւորապէս խօսքի ազատութեան դէմ ուղղուած բռնաճշումները, ատելութեան խօսքի աննախադէպ բռնկումը եւ տարածումը, նախկին բազմաթիւ պաշտօնեաներու եւ իրենց  ընտանիքի անդամներուն դէմ յարուցուած քրէական գործերը, սահմանադրական հաւանական փոփոխութիւնները` որպէս վարչապետի պաշտօնավարումը երաշխաւորող լծակ, օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւններու վրայ ճնշումները։ Հոն նաեւ, ըստ աղբիւրին, քննարկուած է ԱԱԾ տնօրէնի եւ ՅՔԾ պետի միջեւ տեղի ունեցած ձայնագրութեան բովանդակութիւնը: Ի տես վերոյիշեալին՝ յանձնաժողովը որոշում կայացուցած է Քաղաքական հարցերու եւ ժողովրդավարութեան յանձնաժողովի անունով նամակ ուղղել հսկողական (monitoring) հարցերու յանձնաժողովին` առաջարկելով հսկողական գործողութիւններ իրականացնել Հայաստանի իրաւունքի գերակայութեան ապահովման, օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւններու անկախութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ քաղաքական հետապնդումներու կապակցութեամբ։

Իսկ եթէ պահ մը վերոյիշեալ բոլոր կէտերը մէկդի դնենք, ներառեալ այն հանգամանքը, որ, ըստ ձայնագրութեան, ԱԱԾ տնօրէնն ու ՅՔԾ պետը իրենք կ’որոշեն, թէ ո՛վ պէտք է կալանաւորուի եւ ո՛վ ազատ արձակուի: Եթէ մէկ կողմ դնենք այն, որ, նոյնինքն խնդրոյ առարկայ անձերու կողմէ վաւերականութիւնը հաստատուած  ձայնագրութեան համաձայն, ԱԱԾ տնօրէնը կը հրահանգէ, որ դատաւորը  ինքը յարմար տեսնէ  կամ ոչ, պէտք է կալանաւորէ Քոչարեանը: Եթէ նոյնիսկ նկատի չունենանք կարգ մը ոչ-յեղափոխականներու հրճուանքն ու հրապարակային գրառումներն ու յայտարարութիւնները, որոնք ոչ միշտ ի մտի ունին Հայրենիքի վարկաբեկումը ի տես յեղափոխականներու սայթաքումներուն:  Եթէ նաեւ նկատի չունենանք յեղափոխական մասսային անհեթեթութեան հասնող  տրամաբանութիւնը՝ օրէնք խախտելու գծով ձայնագրողները այպանելու՝ փոխանակ նուազագոյնը նաեւ յանցաւոր գտնելու  բովանդակութեան տէր խնդրոյ առարկայ երկու բարձրաստիճան անձերը, այն ատեն արդէն մեզի համար ամենազարմանալին ու նաեւ մտահոգիչ երեւոյթը (անկախ գաղտնալսումի ոճրային հանգամանքէն) կը մնայ այն, որ երկրի ազգային անվտանգութեան թիւ մէկ պատասխանատուն չի կարնար ապահովել իր սեփական խօսակցութեան անվտանգութիւնը:

Իսկ թէ ալ ի՞նչ ձայնագրութեան հրապարակում պիտի յաջորդէ արդէն իսկ հրապարակուածին, սոսկ այս միտքն անգամ սարսուռ կը պատճառէ ինծի: Յո՜ երթաս, Հայաստա՛ն…:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին