Երկուշաբթի, 02. 03. 2026

spot_img

Կառավարութիւնը Կ’առաջարկէ 2019 Թուականի Յունուար 1-էն Ներդնել Նուազագոյն Կենսաթոշակի Համակարգ` 25.500 Դրամի Չափով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ կառավարութիւնը կենսաթոշակառուներուն մօտ ծայրայեղ (պարենային) աղքատութիւնը յաղթահարելու նպատակով կ’առաջարկէ պետական կենսաթոշակային ապահովութեան համակարգին մէջ ներդնել նոր գործիք՝ կենսաթոշակի նուազագոյն չափ։

Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն e-draft իրաւական գործողութեանց նախագիծերու հրապարակման միասնական կայքէն:

«Այս գործիքը հնարաւորութիւն կու տայ ալ աւելի հասցէական դարձնելու վարուող քաղաքականութիւնը՝ թիրախաւորելով ցած կենսաթոշակները։

Միաժամանակ ՀՀ պիւտճէական գործընթացի ծիրէն ներս կատարուած հաշուարկներուն մէջ 2019 թուականի Յունուար 1-էն նուազագոյն կենսաթոշակի չափը նախատեսուած է 25.500 դրամ (ծայրայեղ աղքատութեան գիծի չափով): Ըստ այնմ սահմանուած է, որ oրէնքը ուժի մէջ կը մտնէ 2019 թուականի Յունուար 1-էն»,- նշուած է նախագիծին մէջ:

Ըստ նախագիծին` «Պետական կենսաթոշակներու մասին» ՀՀ օրէնքի համաձայն հաշուարկուած՝ նուազագոյն կենսաթոշակի չափէն ցած կենսաթոշակները 2019 թուականի Յունուար 1-էն կը վճարուին նուազագոյն կենսաթոշակի չափով։

 2019 թուականի Յունիս 1-ի դրութեամբ կենսաթոշակառուներու թիւը կը կանխատեսուի 497 հազար 394, որոնցմէ աշխատանքային կենսաթոշակառուներ՝ 463 հազար 69 անձ, զինուորական կենսաթոշակառուներ (ուժային մարմիններէն կենսաթոշակ ստացող)՝ 32 հազար 420 անձ, զինուորական կենսաթոշակառուներ (ծառայութենէն կենսաթոշակ ստացող)՝ 1905 անձ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին