Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Փաշինեանի Ու Մաքրոնի Հանդիպումին Օրակարգը Բաւական Լայն Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուել Մաքրոնի միջեւ կայանալիք հանդիպումի օրակարգը բաւական լայն է: «Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ՝ այս մասին Սեպտեմբեր 12-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսին լրագրողներուն յայտնեց ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեանը:

Իր խօսքով՝ այս հանգամանքը կը խորհրդանշէ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու մակարդակը:

«Մենք Ֆրանսայի հետ կը ծաւալենք համագործակցութիւն թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական, թէ՛ մշակութային ու ընկերային բնագաւառներուն մէջ: Այս բոլոր հարցերը պիտի ըլլան օրակարգի վրայ»,- նշեց խօսնակը:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով Փարիզ կը մեկնի Սեպտեմբեր 14–15: Այնտեղ կը նախատեսուի Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուել Մաքրոնի հանդիպումը: Նիկոլ Փաշինեան կը հանդիպի նաեւ Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Այս այցի պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած է Պրիւքսելի մէջ վարչապետ Փաշինեանի եւ Մաքրոնի միջեւ կայացած հանդիպումի ժամանակ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին