Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ ԱՄՆ Եւ Մեծ Բրիտանիոյ Դեսպանները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 12-ին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչարտ Միլսը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուդիտ Մարկրեթ Ֆարնուորթը: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Հանդիպումին քննարկուած են տարբեր ոլորտներու մէջ ընթացիկ համագործակցութիւնը եւ անոր զարգացման հեռանկարները: Արծարծուած են համատեղ ծրագիրներու, այդ կարգին՝ Ամուլսարի ներդրումային ծրագիրի ընթացքին եւ «Լիդիան Ինթերնէյշնլ» ընկերութեան գործունէութեան վերաբերող հարցեր: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին