«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանք շարժումի միջեւ լարուած իրավիճակի սրումի ելակէտ հանդիսացաւ ԸՅԿ-ի կողմէ ԱԱՀ-ի անդամի պաշտօնափոխութեան արարքը:
Անցեալ շաբաթ կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար, ԸՅԿ-ի անդամ Մարուան Համատէ պաշտօնանկ ըրաւ Հիլտա Ալ Խուրին՝ իբրեւ նախարարութեան պաշտօնական քննութեանց գերատեսչութեան պետ: ԱԱՀ-ը այս արարքը մեկնաբանեց իբրեւ թիրախային հարուած, ինչ որ գրանցուած նորագոյն դէպքն էր երկու կուսակցութիւններուն միջեւ, որոնց յարաբերութիւնները դեռեւս ոչ բարւոք ընթացքի մէջ են Մայիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւէն առ այսօր: