«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ Սեպտեմբեր 11-ին ազրպէյճանական կողմի կրակոցներուն մասին ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուցած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն:
«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին Սեպտեմբեր 12-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ժամանակ լրագրողներուն յայտնեց ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեանը:
«Այսպիսի իրավիճակներու պարագային, մեր գործողութիւններու համակարգը յստակ է. առաջին հերթին տեղեակ կը պահուին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու ԱԳՆ-ներն ու դեսպանները, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը, որ հերթական կոպտագոյն խախտումը եղած է ազրպէյճանական կողմէ»,- նշեց Բալայեանը:
Տիգրան Բալայեանի խօսքով՝ ազրպէյճանական ոտնձգութիւնները շարունակական բնոյթ կը կրեն, ինչը անոնց ապակառուցողական կեցուածքի հետեւանքն է:
«Ազրպէյճանը կը մերժէ իրականացնել Վիեննայի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի մէջ ձեռք բերուած եւ վերահաստատուած համաձայնութիւնները»,- ըսաւ ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակը:






