«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուի փոխանցմամբ՝ 2016-2018 Թուրքիայէն Սուրիա վերադարձած է 255 հազար սուրիացի ներգաղթեալ:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»–ը, կը յայտնէ թրքական «Տողան» գործակալութիւնը:
Սոյլուն Հաթայի նահանգը տեղակայուած սուրիացի ներգաղթեալներու ճամբարին մէջ կազմակերպուած հանդիպումի ժամանակ յայտնած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները մտադիր են կազմակերպել սուրիացի գաղթականներու զանգուածային վերադարձը դէպի Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները, ուր գործողութիւններ իրականացուցած են թրքական զինուած ուժերը:
Ներկայիս, Թուրքիա հաստատուած է շուրջ 3,5 մլն սուրիացի գաղթական: