«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան աշխատակիցները պետական սահմանի խախտման փորձ բացայայտած են «Կարճեւան» հսկիչ անցակէտի վրայ (Սիւնիքի մարզ):
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ-ի մէջ Ռուսիոյ ԱԴԾ-ի սահմանապահ վարչութեան մամուլի ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ անձնագրային հսկողութեան գործընթացին մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացին իրեն չպատկանող անձնագիր ներկայացուցած է:
Հարցումի ընթացքին Իրանի քաղաքացին պարզաբանած է, որ սխալմամբ վերցուցած է իր ընկերոջ անձնագիրը, որուն հետ միասին եկած էին Հայաստան:
Սահմանուած կարգով նշուած քաղաքացին յանձնուած է ՀՀ իրաւապահ մարմիններուն:






