«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ֆրանքոֆոնիոյ միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միքայէլ Ժանը Սեպտեմբեր 10-էն 14 պաշտօնական այց կը կատարէ Հայաստան։ Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:
Սեպտեմբեր 11-ին նախատեսուած է ԱԳ նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ գլխաւոր քարտուղար Միքայէլ Ժանի հանդիպումը, որմէ ետք կողմերը հանդէս կու գան համատեղ մամուլի ասուլիսով։
Գլխաւոր քարտուղարը կ’այցելէ նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: