«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջնորդ Սամիր Ժաաժաա Կիրակի մեղադրանք հնչեցուց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան առաջնորդ Ժպրան Պասիլի հասցէին կառավարութեան կազմաւորման ճգնաժամին համար, ուր վերջինս, ըստ Ժաաժաայի, բացայայտօրէն կ՛աշխատի, որ ԼՈ-ն նշանակալի ներկայացուցչութիւն ձեռք չձգէ նախարարաց խորհուրդին մէջ:
Յիշեցնենք, որ ԼՈւ նահատակներու նուիրուած տարեկան պատարագը տեղի ունեցաւ Կիրակի երեկոյեան, որուն ընթացքին Ժաաժաա խօսք մը առնելով քաղաքական կեցուածքներ արտայայտեց, ընդ որում ան հաստատեց, որ պիտի չընդունի ԼՈւ բաժնէն խլուող նախարարց աթոռներու ոեւէ փորձ: Նշենք, որ ան իր խօսքին մէջ այս անգամ աւելի մեղմ էր Հըզպալլայի նկատմամբ քան Ազգային Ազատ Հոսանքի: