«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սահմանը խախտելու պատճառով Յունաստանի տարածքին երկու թուրք զինուոր ձերբակալուած է:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»–ը, կը յայտնէ թրքական «Diken» պարբերականը:
Թուրք զինուորները ձերբակալուած մնացած են 7 ժամ, ապա ազատ արձակուած:
Զինուորները պնդած են, որ սահմանը հատած են անզգուշօրէն: Անոնց զինուորական կոչումներուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ տակաւին հրապարակուած չեն: