«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Փարիզի կեդրոնին մէջ եօթը մարդ վիրաւորուած է զինուած յանցագործի յարձակումին հետեւանքով: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, Սեպտեմբեր 10-ին յայտնած է «Associated Press» գործակալութիւնը:
Իր տեղեկութիւններով՝ տուժածներէն երկուքը զբօսաշրջիկներ են Մեծ Բրիտանիայէն:
Յարձակումը տեղի ունեցած է Փարիզի 19-րդ ստորաբաժանումի Լուարայի առափնեակը գտնուող թատրոնին մօտ: Չարագործը ձերբակալուած է, ոստիկանութիւնը յայտարարած է, որ միջադէպը, ամենայն հաւանականութեամբ, ահաբեկչութեան հետ առնչութիւն չունի: «Le parisien» թերթի տեղեկութեամբ՝ կասկածեալը ծագումով Աֆղանիստանէն է, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»-ը: