Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Աուն Կ’ըսէ, Որ Ամենեւին Չէ Փորձած Բորբոքել Կառավարութեան Մէջ Առկայ Լարուածութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի քաղաքական գլխաւոր օգնականին հաղորդեց, որ ինք երբեւէ չփորձեց բորբոքել կառավարութեան կազմաւորման առումով կողմերուն միջեւ արդէն իսկ ծայր առած լարուածութիւնը, երբ վերապահութիւն դրսեւորեց վերջերս Սաատ Հարիրիի ներկայացուցած նախարարաց խորհուրդի պաշտօնէութեան ցանկին կապակցութեամբ: Այս մասին Երկուշաբթի հաղորդեց տեղական աղբիւր մը:
Աուն հանդիպում մը ունեցած է մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Ղաթթաս Խուրիի հետ, որ միաժամանակ քաղաքական խորհրդատու է վարչապետի պաշտօնակատարին՝ նպատակ ունենալով մեղմացնել այդ նախագիծին առթիւ ցուցաբերած վերապահութեան պատճառով ծայր առած լարուածութիւնը:
Յղում ընելով հանդիպումի մօտ աղբիւրի մը՝ «Ալ Ախպար» տեղական օրաթերթը փոխանցեց, որ նախագահը հաղորդած է Խուրիին, թէ ինք ոչ թէ բորբոքած է լարուածութիւնը, այլ միմիայն պահանջած է որոշ ուղղումներ կատարել նախագիծին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին