«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տաւուշի մարզին մէջ «Իմ քայլը յանուն Տաւուշի» ներդրումային համաժողովի աւարտէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ այն հարցին, թէ ՌԴ նախագահի հետ հանդիպումի ժամանակ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հարցը քննարկա՞ծ են, թէ ոչ:
«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ հարցին ի պատասխան ՀՀ վարչապետը ըսաւ. «Գիտէք, մենք քննարկել ենք փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ հարցեր: Քննարկել ենք բոլոր հնարաւոր հարցերը, որ կարելի էր քննարկել»:
Ճշդող հարցին, այսինքն, այդ հարցը եւս քննարկուա՞ծ է, վարչապետը պատասխանեց. «Բոլոր հնարաւոր հարցերը քննարկուել են»:






