«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Ընդհանուր անվտանգութեան նախաձեռնութեամբ հարիւրաւոր գաղթականներ Լիբանանի զանազան շրջաններէ երէկ վերադարձան Սուրիա:
«Ընդհանուր անվտանգութիւնը ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հետ համագործակցաբար իրականացուց 778 սուրիացի գաղթականներու կամաւոր վերադարձը Լիբանանի զանազան շրջաններէ Մասնաա, Ապպուտիէ եւ Զիմրանի սահմանային անցուղիներուն միջոցով»,- ըսուած է Ընդհանուր անվտանգութեան յայտարարութեան մէջ:
Յայտնենք, որ արդէն իսկ աւելի քան 1500 սուրիացի գաղթականներ Ընդհանուր անվտանգութեան նախաձեռնած ծրագիրով վերադարձած են Սուրիա: