Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Նիկոլ Փաշինեան Ազրպէյճանի Նախագահին Հետ Հանդիպում Կազմակերպելու Առաջարկ Չէ Ստացած Փութինէն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպում կազմակերպելու առաջարկ չէ ստացած:

«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ Տաւուշի մարզին մէջ «Իմ քայլը յանուն Տաւուշի» ներդրումային համաժողովէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ Փաշինեան ընդգծեց, որ ՌԴ նախագահին հետ խօսած են ԼՂ հարցի կարգաւորման շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին:

«Փոխադարձաբար ընդգծած ենք, որ պէտք է շատ յստակ ուղերձ լինի, որ Ղարաբաղի հարցը չի կարող լուծուել այլ կերպ, քան     խաղաղ ճանապարհով, իսկ ռազմական ցանկացած սադրանք    կ’արժանանայ շատ կտրուկ վերաբերմունքի»,- նշեց Փաշինեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին