Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

Ներքին Անվտանգութեան Ուժերու Տեղեկատուական Բաժինը Հետաքննութիւն Սկսած Է Օդակայանին Մէջ Տեղի Ունեցած Համակարգչային Խանգարումի Առթիւ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ներքին անվտանգութեան ուժերու տեղեկատուական բաժինը Շաբաթ հետաքննութիւն սկսաւ Ռաֆիք Հարիրի օդակայանին մէջ գրանցուած համակարգչային խանգարումի կապակցութեամբ, որ պատճառ դարձած էր հազարաւոր ճանապարհորդներու թռիչքի սահմանուած ժամանակացոյցի փոփոխման:

Աղբիւրը կը յայտնէ, որ Ներքին անվտանգութեան ուժերը հետաքննութիւն սկսաւ պետական դատախազ Սամիր Համմուտի խնդրանքով, ուր վերջինս, իր կարգին, կ’արձագանգէր արդարադատութեան նախարար Սալիմ Ժրէյսաթիի՝ միջադէպի հետաքննութեան խնդրանքով կատարած առաջարկին:

«Այս միջադէպին կապակցութեամբ կան հակասական հաղորդումներ, զորս հարկ է հետազօտել»,- ըսաւ աղբիւրը: «Ոմանք կ’ըսեն, թէ համակարգչային խանգարումները դիտումնաւոր էին, իսկ ուրիշներ կ’ըսեն, թէ միմիայն համակարգչային սխալ մըն էր եղածը եւ պատասխանուութիւնը ամբողջութեամբ ընկերութեան վրայ է»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին