spot_img

Բոլոր Հարցերը Քննարկուած Են. Նիկոլ Փաշինեանը՝ Փութինի Հետ Հանդիպումին Ռոպերթ Քոչարեանի Հարցը Քննարկելու Մասին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տաւուշի մարզին մէջ «Իմ քայլը յանուն Տաւուշի» ներդրումային համաժողովի աւարտէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ այն հարցին, թէ ՌԴ նախագահի հետ հանդիպումի ժամանակ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հարցը քննարկա՞ծ են, թէ ոչ:

«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ հարցին ի պատասխան ՀՀ վարչապետը ըսաւ. «Գիտէք, մենք քննարկել ենք փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ հարցեր: Քննարկել ենք բոլոր հնարաւոր հարցերը, որ կարելի էր քննարկել»:

Ճշդող հարցին, այսինքն, այդ հարցը եւս քննարկուա՞ծ է, վարչապետը պատասխանեց. «Բոլոր հնարաւոր հարցերը քննարկուել են»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին