Սիրելի ընթերցող եւ բարեկամ «Զարթօնք»ի,
Հայաստանի Անկախութեան Տօնին առիթով, յառաջիկայ Սեպտեմբեր 21ին ծրագրած ենք «Զարթօնք»ի բացառիկ թիւ մը հրատարակել:
Այս առիթով, նաեւ մեր ընթերցողները մասնակից դարձնելու համար անոր բովանդակութեան պատրաստութեան, կազմակերպած ենք VOX POP* մը, որուն միջոցաւ կը փափաքինք, որ դուն քու կարգիդ, կարծիքդ յայտնես Անկախութեան Տօնի թեմայով:
Պիտի խնդրէինք, որ հետեւեալ հարցումներուն կամ մէջէն քու ընտրած հարցումիդ հակիրճ կերպով պատասխանես (քու ուզած լեզուով եւ տառերով) ու զայն մինչեւ յառաջիկայ Չորեքշաբթի 12 Սեպտեմբեր 2018, մեզի փոխանցես, կա՛մ պատասխանելով այս ել նամակին եւ կամ գրելով zartonkadl@gmail.com ուր կարող ես նաեւ ձեռագրիդ նկարը փոխանցել: Նաեւ կարելի է մեզի պատասխաններդ ղրկել «Զարթօնք»ի Ֆէյսպուքի էջերուն միջոցաւ:
Հարցումները հետեւեալներն են, որուն պատասխաններդ «Զարթօնք»ի Բացառիկին մէջ պիտի հրատարակենք քու անուանդ տակ եւ կամ անանուն այն պարագային, որ դուն մեզի տեղեկացնես, թէ չես ուզէր անունդ յիշուի.
- Քեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ Անկախութիւն:
- Ինչպիսի՞ Հայաստան մը կը պատկերացնես կամ կ՛ուզես տեսնել մեր թուականէն քսան տարի ետք:
- Ի՞նչ կը թելադրես Հայաստանին:
- Ի՞նչ կ՛ակնկալես Հայաստանէն եւ ի՞նչ կը խոստանաս անոր (rights and duties):
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝
ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
*VOX POP կամ Vox populi լատիներէն հասկացողութիւն մըն է, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «Ժողովուրդին Ձայնը»: Ան տուեալ հարցի մը մասին ժողովուրդին կարծիքն է՝ ներկայացուած ո՛չ պաշտօնական կամ ներկայացուցչական կերպով, ժողովուրդին բաղկացուցիչ անդամներու կողմէ, զայն հեռասփռելու կամ հրատարակելու նպատակով: