«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Համատէ Ուրբաթ ստորագրեց հրամանագիր մը՝ կոչ ուղղելով բոլոր դպրոցներուն եւ համալսարաններուն վերացնելու խտարականութիւնը լիբանանցի կանանց ոչ լիբանանցի զաւակներուն նկատմամբ:
Համատէ ըսաւ, որ օտարերկրացիներու հետ ամուսնացած լիբանանցի կանանց զաւակներուն նկատմամբ պէտք է ցուցաբերուի հաւասար վերաբերմունք այնպէս ինչպէս իրենց դասընկերներուն:
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի մէջ կին մը իրաւասութիւն չունի իր լիբանանեան քաղաքացիութիւնը փոխանցելու իր զաւակներուն կամ օտարերկրացի ամուսինին: