Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Ազրպէյճանի Մէջ 6 Մարդ Փորձած Է Խմբակային Ինքնասպանութիւն Գործել Աշխատավարձ Չստանալու Պատճառով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի Խաթայի շրջանին մէջ 6 մարդ աշխատավարձ չստանալու պատճառով փորձած է խմբակային ինքնասպանութիւն գործել:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ ազրպէյճանական azadliq.info լրատուական գործակալութիւնը:

Տղամարդիկ բարձրացած են ամբարձիչի վրայ եւ այնտեղէն վար ուզած են նետուիլ, սակայն դէպքի վայր այցելած արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան յատուկ վտանգներու փրկարար ծառայութեան աշխատակիցները յաջողած են հոգեբանական զրոյցի շնորհիւ կանխել խմբակային ինքնասպանութեան փորձը:

Խաթայի շրջանին մէջ խմբակային ինքնասպանութեան փորձի դէպք գրանցուած էր նաեւ Օգոստոս 28-ին: Շինարարական ընկերութեան 4 բանուորի նման փորձը նոյնպէս կանխուած էր: Ինքնասպանութեան փորձի պատճառը դարձեալ եղած էր մի քանի ամիս շարունակ չվճարուած աշխատավարձը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին