Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

39 Մարդ Կը Յաւակնի Վրաստանի Նախագահի Պաշտօնին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սեպտեմբեր 8-ին Վրաստանի մէջ կը լրանայ երկրի նախագահի թեկնածու գրանցուելու համար նախաձեռնող խումբերէն ու կուսակցութիւններէն Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով դիմումներու ներկայացման ժամկէտը:

Ներկայիս մրցարշաւին մասնակցելու ցանկութեան մասին ԿԸՀ-ին իրազեկած է 39 մարդ, որոնցմէ քսանը առաջադրուած են նախաձեռնող խումբերուն, իսկ 19-ը՝ քաղաքական կուսակցութիւններուն կողմէ, կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը՝ յղում ընելով «Կրուզիա Online»-ին: Թեկնածուներուն աջակցելու ստորագրութիւնները անհրաժեշտ է ԿԸՀ-ին յանձնել ընտրութիւններու օրէն ոչ ուշ, քան 40 օր առաջ: Ընդամէնը պէտք է հաւաքուի առնուազն 23 հազար 923 ստորագրութիւն (ընտրողներուն ընդհանուր թիւին 0,75 տոկոսը):

Անոնց ստուգումէն ետք ԿԸՀ-ն քուէարկութեան օրէն առնուազն 30 օր առաջ նախագահի թեկնածուներ կը գրանցէ այն անձերը, որոնց փաստաթուղթերն ու աջակցութեան ստորագրութիւնները կը համապատասխանեն օրէնքի պահանջներուն: Առայժմ միայն 4 թեկնածուներ անցած են գրանցումը: Անոնց շարքին են՝ Շալվա Նաթելաշվիլին (Վրաստանի Բանուորական կուսակցութիւն) եւ Դաւիթ Պաքրաձէն («Եւրոպական Վրաստան-Շարժում յանուն ազատութեան»):

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին