Երկուշաբթի, 21. 07. 2025

spot_img

Պըրրի Խորհրդարանական Համատեղ Յանձնաժողովներուն Ներկայացուց Կանեփի Մշակման Օրինականացման Մասին Օրէնքը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի կանեփի օրինապատշաճ մշակման մասին օրինագիծը ներկայացուց խորհրդարանական համատեղ յանձնաժողովներուն: Այս մասին կը հաղորդէ խորհրդարանը:
Ներկայացուած օրինագիծը կը սահմանէ կանեփի մշակման կարգաւորումը բժշկական եւ արդիւնաբերական նպատակներով: Առաջարկի նախագիծը պատրաստուած էր Յուլիսին Պըրրիի նշանակած յանձնաժողովին կողմէ:
Բժշկական նպատակներով կանեփի մշակման օրինականացման մասին խօսակցութիւնները կտրականապէս շատցան, երբ McKinsey & Co. ձեռնարկութիւնը տնտեսական հնգամեայ ծրագիրին մէջ, զոր վերջերս ներկայացուց լիբանանեան շարք մը պաշտօնատարներու, առաջարկեց այդ քայլին դիմել: Այդ ծրագիրը ներկայացուելէ ետք, տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռաըտ Խուրի «Bloomberg»-ի հետ հարցազրոյցի ժամանակ առաջարկեց օրինականացնել կանեփի մշակումը՝ ըսելով, որ անիկա կրնայ 1 միլիառ տոլարի արդիւնաբերութեան հնարաւորութիւն ստեղծել:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին