Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Նորընտիր Առաջնորդը, Ազգային Վարչութեան Քաղաքական Ու Կրօնական Ժողովը

Հինգշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի նորընտիր առաջնորդին, ազգային վարչութեան քաղաքական ու կրօնական ժողովներուն։ Անոնք, գլխաւորութեամբ առաջնորդ սրբազանին, եկած էին վեհափառ հայրապետին մօտ՝ թեմին առջեւ ծառայական նոր շրջան բացուող ներկայ փուլին լսելու Նորին Սրբութեան թելադրանքը։

Վեհափառ հայրապետը, ողջունելով նոր առաջնորդին ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ զայն կանխող ազգային վարչութեան քաղաքական ու կրօնական նոր ժողովներու ընտրութիւնը, կարեւորութեամբ անդրադարձաւ թեմը վերակազմակերպումի ենթարկելու հրամայականին։ Ան յիշեցուց, որ վերջին ազգային ընդհանուր ժողովին այս մասին կարեւոր անդրադարձ կատարուած էր թէ՛ իր հայրապետական պատգամին եւ թէ ժողովի որոշումներուն մէջ։ Հայրապետը յայտնեց, որ իւրաքանչիւր թեմ ունի իր իւրայատուկ միջավայրը, ներքին դրուածքը եւ մտահոգութիւնները եւ հետեւաբար, համապատասխան մօտեցում պէտք է ունենալ։ Խօսելով Լիբանանի թեմին մասին՝ ան ընդգծեց կրթական կեանքին, ծուխերու վերակազմակերպման, քահանայից պատրաստութեան, համայնքային կառոյցները ինքնաբաւ դարձնելու ձգտող ծրագիրներուն եւ ընդհանրապէս եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութեան յատուկ կարեւորութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը։ Հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ կաթողիկոսարանը իր մարդուժի եւ այլ կարելիութիւններու ճամբով միշտ պատրաստ է օգտակար հանդիսանալու թեմի աշխատանքներուն։

Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ թեմին եւ ընդհանրապէս Լիբանանի հայութեան առնչուած կարիքներուն, մտահոգութիւններուն ու ծրագիրներուն մասին քննարկումներ կատարելու։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին