Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Նիկոլ Փաշինեան Կ’այցելէ Ֆրանսա

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 14-ին կ’այցելէ Ֆրանսա:  Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրադ Փափազեանը:

«Յառաջիկայ Ուրբաթ օրը Փաշինեան կ’ուղղուի Փարիզ»,- ըսաւ ան:

Սեպտեմբեր 14-ին Փաշինեան հանդիպում կ’ունենայ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, կը քննարկուին Հայաստանի ներքաղաքական իրադրութիւնը, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ համայնքին առնչուող հարցեր:

«Արմէնփրես»-ը փորձած է այցի մասին այլ մանրամասնութիւններ ճշդել ՀՀ կառավարութենէն: Փաշինեանի մամուլի խօսնակ Արման Եղոյեանը յայտնած է, որ վարչապետի աշխատակազմը այցերուն մասին տեղեկութիւն կը տրամադրէ այցերէն միայն մէկ-երկու օր առաջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին