Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Իսկական Քաոս Պէյրութի Օդակայանին Մէջ Համակարգչային Խանգարման Պատճառով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Միտըլ Իսթ Օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց Ուրբաթ օրուան համար նախատեսուած թռիչքներու ուշացում՝ կամքէ անկախ պատճառով, որ հիմնականօրէն կը վերաբերի Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի միջազգային օդակայանին մէջ համակարգչային խանգարման:
Այս առումով վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի Ուրբաթ յետմիջօրէին գլխաւորեց հանդիպում մը՝ քննարկելու օդակայանին մէջ ներկայ իրավիճակը: Այս մասին կը տեղեկանանք վարչապետի պաշտօնակատարի տեղեկատուական գրասենեակէն: Շարք մը նախարարներ եւ համապատասխան պաշտօնատարներ եւս ներկայ էին հանդիպումին:
Միտըլ Իսթ Օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարութեան մը մէջ նշեց թռիչքներու նորացուած ժամանակացոյցը:
Օդակայանի փոխտնօրէն Եուսէֆ Թաննուս, ի միջի այլոց, խնդրած էր ճանապարհորդներէն իրենց ուղեւորութեան սահմանուած ժամանակացոյցէն աւելի քան երեք ժամ առաջ ներկայ ըլլալ օդականը, բացառաբար Ուրբաթ օրուան համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին