ԼԻԱՆԱ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Ռազմական ոլորտը լուսաբանող լրագրողներուն համար ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարիներ տեւած նախապատրաստական աշխատանքներէն ետք հրապարակեց «Ռազմական լրագրութիւն» վերնագրով ուսումնամեթոտական ձեռնարկ։ Այդտեղ տեղ գտած են գործնական հակիրճ միտքեր եւ բացատրութիւններ, թէ մարտական գործողութիւններու ժամանակ աշխատող լրագրողը ի՛նչպէս պէտք է լուսաբանէ անվտանգութեան թեմաները, ի՛նչպէս աշխատի զինուած ուժերու լրատուութեան եւ բանակի ներքին կեանքին առնչուող թեմաներուն հետ։
«Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթի հետ զրոյցի ժամանակ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը ըսաւ, որ ձեռնարկին մէջ զետեղուած նիւթերը բազմիցս անցած են լրագրողական քննութենէ, ուսումնասիրուած եւ համեմատուած են համաշխարհային փորձի հետ։ Ռազմական լրագրութեան կանոններու պահպանումն ու նոր մարտահրաւէրներուն տիրապետելը առարկայական նշանակութիւն ունին Հայաստանի համար»,- կը նկատէ Ա. Յովհաննիսեանը։ Իր տեղեկացմամբ՝ անցնող տարիներուն ընթացքին կազմակերպած են ռազմական լրագրութեան տարբեր դասընթացքներ, եւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան լրագրութեան բաժինին մէջ ռազմական լրագրութեան նիւթը դարձուցած են հիմնական նիւթ. «Այս ամէնը չէր կրնար իր պտուղները չտալ։ Ակնյայտ է, որ հայկական լրագրութիւնը ռազմական թեմաներու լուսաբանման առումով այսօր աւելի գրագէտ ու պատրաստուած է։ Այդ մէկը ցոյց տուաւ նաեւ 2016 թուականի ապրիլեան պատերազմը։ Սակայն նոյն պատերազմը ցոյց տուաւ, որ մենք ունինք որոշ թերութիւններ ալ, զորս անհրաժեշտ է վերացնել՝ շարունակելով այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները։ Այդ աշխատանքները աւելի համակարգելու, մասնագիտական մակարդակը բաձրացնելու, ինչպէս նաեւ անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով պատրաստած ենք ռազմական լրագրութեան այս ուղեցոյց-ձեռնարկը, որ կրնայ դառնալ լրագրողի սեղանի գիրքը եւ ուսումնական գրականութիւն՝ դասընթացքներու համար»: Ա. Յովհաննիսեանը միաժամանակ ընդգծեց, որ ձեռնարկը իտէալական եւ վերջնական արտադրանք չէ, ինչ որ կ’ենթադրէ, որ մշտական թարմացումներ եւ լրացումներ պիտի կատարուին։ «Համաշխարհային լրատուադաշտը ունի ընդհանուր խնդիր. ատիկա մասնագիտացուած լրագրութեան բացակայութիւնն է։ Ժամանակակից լրագրողը կը լուսաբանէ մարմնակրթութենէն մինչեւ տիեզերք, ներառեալ՝ զինուած ուժեր։ Սա բնական չէ, քանի որ անհնար է միաժամանակ լուսաբանել տարբեր ոլորտներ բարձր որակով։ Մեր նպատակն էր լրագրողներուն տալ այնպիսի արտադրանք, որմէ կարենան ոչ միայն օգտակար նիւթեր ստանալ, այլեւ նպաստել զինուած ուժերու մարտական գործողութիւններու պատշաճ մակարդակով լուսաբանման»,- յոյս յայտնեց պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակը։
Լրագրողներուն մեծ մասը կրնայ ընել չգիտակցուած եւ շատ յաճախ նաեւ գիտակցուած սխալներ։ Անզգուշ կատարուած սխալները հիմնականօրէն կը վերաբերին եզրերու եւ զինուորական բառապաշարին, ինչը, ըստ Ա. Յովհաննիսեանի, ընթերցողներուն մօտ կը յառաջացնէ նիւթի հանդէպ անվստահութիւն. «Այս հանգամանքները նկատի ունենալով մենք հասկցանք, որ լրագրողական հանրութենէն, ի հարկէ իրենց համաձայնությամբ, պէտք է ընտրենք անոնք, որոնք կ’ուզեն աշխատիլ անվտանգութեան թեմաներու հետ։ Սեմինարներու ժամանակ լրագրողը կը մտնէ բանակ եւ ներսէն կը տեսնէ զինուորական կեանքը։ Այսինքն՝ կը ճանչնայ այն ինչ պիտի լուսաբանէ։ Ամէնամեայ դասընթացքներէն ետք կազմուեցաւ «սերուցք» մը, որ տուաւ որակ, զոր մենք տեսանք մասնաւորապէս ապրիլեան պատերազմի օրերուն»: Գիտակցուած սխալներու մասին խօսելու ժամանակ Յովհաննիսեանը շեշտեց յատկապէս այն լրագրողական նիւթերու օրինակները, որոնց մէջ մանրամասնօրէն կը խօսուի մահերու, վնասուածքներու, կեանքին սպառնացող դէպքերու մասին։ Իր դիտարկմամբ՝ այս երեւոյթներուն հետ պէտք է վարուիլ շատ զգոյշ, փորձել անպայման պատկան մարմիններէն ստանալ ճշդումներ, պարզաբանումներ, որպէսզի նիւթը ըլլայ երկկողմանի եւ համապատասխանէ իրականութեան։ «Օրինակ՝ զոհ ունեցող ընտանիքը տեւական ժամանակ այնպիսի հոգեվիճակի մէջ է, որ ատելութեամբ կը լեցուի ամբողջ աշխարհին նկատմամբ, եւ անոնցմէ տրամաբանական պատասխան լսելը դէպքի մասին անհնար է։ Սակայն որոշ լրատուականներ ունին յստակ քաղաքականութիւն։ Զոհերու կամ զինուած ուժերու մէջ տեղի ունեցած տարաբնոյթ իրավիճակներու պարագային երթալ «թարմ հետքով» եւ զգացական նիւթ գրել. ոչ միայն սխալ է, այլեւ արդարացի չէ։ Լրագրողներ կան, որ այսպէս կ’աշխատին գրեթէ միշտ, անկախ անկէ, թէ ի՛նչ վերաբերմունք ունի անոր հանդէպ նոյնիսկ մասնագիտական հանրութիւնը»,- ըսաւ Ա. Յովհաննիսեանը։
Ձեռնարկին մէջ տեղ գտած նիւթերը յառաջիկային հասանելի կ’ըլլան նաեւ ելեկտրոնային հարթակներու վրայ։