«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայ-թրքական սահմանի յարադէպ խախտումը ցոյց կու տայ, որ Թուրքիան կը փորձէ հասկնալ, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ կը գտնուին ռուս-հայկական յարաբերութիւնները: Այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ ՀՀ ԳԱԱ արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեանը:
Իր կարծիքով՝ Թուրքիան Հարաւային Կովկասի մէջ «խաղ խաղալու» քաղաքականութիւն որդեգրած է:
«Թուրքիոյ նախաձեռնած խաղը հետեւեալն է` օգտուիլ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման փուլէն եւ այն հանգամանքէն, որ ՌԴ-ը ներգրաւուած է Մերձաւոր Արեւելքի ու Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող գործողութիւններուն, փորձել ապահովել իր ներկայութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ ու անոր համար օգտագործել Ազրպէյճանը»,- ըսաւ ան:
Սաֆրաստեանը իր կարծիքը կը հիմնաւորէ Նախիջեւանի տարածքին Ազրպէյճանի աշխուժացումով: «Բացի այդ՝ թրքական մամուլը կը գրէ, որ Թուրքիան կը նախապատրաստուի իր ռազմակայանը տեղակայելու Նախիջեւանի տարածքին»,- «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ նշեց ան:
Բանախօսին հաւաստմամբ՝ Թուրքիոյ նմանատիպ քաղաքականութիւնը միտուած է Հարաւային Կովկասի մէջ իր դիրքերու ամրապնդման ու Հայաստանի մեկուսացման: «Չնայած ներկայիս խաղաղ վիճակին՝ հաւանականութիւնը մեծ է աշնան հայկական կողմի նկատմամբ զաւթողական ու լայնածաւալ գործողութիւններուն»,- եզրափակեց Սաֆրաստեանը: