«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի Խաթայի շրջանին մէջ 6 մարդ աշխատավարձ չստանալու պատճառով փորձած է խմբակային ինքնասպանութիւն գործել:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ ազրպէյճանական azadliq.info լրատուական գործակալութիւնը:
Տղամարդիկ բարձրացած են ամբարձիչի վրայ եւ այնտեղէն վար ուզած են նետուիլ, սակայն դէպքի վայր այցելած արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան յատուկ վտանգներու փրկարար ծառայութեան աշխատակիցները յաջողած են հոգեբանական զրոյցի շնորհիւ կանխել խմբակային ինքնասպանութեան փորձը:
Խաթայի շրջանին մէջ խմբակային ինքնասպանութեան փորձի դէպք գրանցուած էր նաեւ Օգոստոս 28-ին: Շինարարական ընկերութեան 4 բանուորի նման փորձը նոյնպէս կանխուած էր: Ինքնասպանութեան փորձի պատճառը դարձեալ եղած էր մի քանի ամիս շարունակ չվճարուած աշխատավարձը: