Երկուշաբթի, 02. 02. 2026

spot_img

Ֆրեզնօ Սարոյեան, 110-ամեակ, Ֆրեզնօ եւ տուն-թանգարան

«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Անցնող շաբաթը Սարոյեանական էր Ֆրեզնոյի եւ ոչ միայն Ֆրեզնոյի մէջ։ Ամերիկահայ գրող մեծն Ուիլիըմ Սարոյեանի ծննդեան տարեդարձին օրը (31 Օգոստոս 1908) հռչակուեցաւ որպէս «Ուիլիըմ Սարոյեանի օր» քաղաքապետին յատուկ որոշումով։ Բացումը կատարուեցաւ անոր տուն-թանգարանին՝ «Սարոյեան Հաուզ»ին, որ իր տեսակին մէջ եզակի է, արհեստագիտական նորագոյն եւ արդիական լուծումներով։

Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Լի Պրենտ, որ պատիւը ունեցած է անձամբ ծանօթանալու Սարոյեանին, իր խօսքին մէջ նշած է, թէ ինք կը սիրէր կարդալ անոր գիրքերը։ Շատ կարեւոր է հանրայայտ գրողին ձգած գրական ժառանգութիւնը, ըսած է ան։

Ֆրեզնոյի Քաղաքային խորհուրդի նախագահ Էսմերալտա Սորիա շեշտած է, թէ Սարոյեան Ֆրեզնոյի առասպելը դարձած է, իսկ հայ համայնքը նոյնքան կարեւոր է, որովհետեւ ան իր նպաստը կը բերէ քաղաքին զարգացումին։

«Մտաւորական զարթօնք» (“Intellectual Renaissance”) հիմնադրամի տնօրէն Յակոբ Յակոբեան կարեւորած է, թէ «Ուրախալի պիտի ըլլայ, եթէ Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանին որոշումը օրինակ ծառայէ նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանին համար եւ հոն ալ Օգոստոս 31-ը հռչակուի Սարոյեանի օր»։

Այստեղ, պարտք կը զգանք շնորհակալութիւն յայտնելու բարերար Արթուր Ջանիբեկեանին եւ անոր հիմնադրամին, որոնց շնորհիւ 2015-ին գնուեցաւ Սարոյեանի տունը եւ վերակառուցուելով՝ վերածուեցաւ թանգարանի։ Հոն հաւաքուած են Սարոյեանին պատկանող նիւթեր եւ առարկաներ։

«Նշեալ թանգարանին մէջ ամփոփուած են Սարոյեանին պատկանող եւ վերաբերող նիւթեր: Տուն-թանգարանը պիտի ապրի ստեղծագործական բուռն կեանքով՝ հանդիսանալով մշակութային օճախ ոչ միայն համայն հայութեան, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի համար: Հոն պիտի կազմակերպուին գրական երեկոներ, փառատօներ եւ մշակութային այլ ձեռնարկներ», նշուած է «Մտաւորական զարթօնք»ին յղած հաղորդագրութեան մէջ:

Օգոստոս 31-ին, Լոս Անճելըսի Քաղաքային խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան նոյնպէս «Սարոյեանական» ելոյթ մը ունեցած է քաղաքապետարանին առջեւ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին