Չորեքշաբթի, 11. 06. 2025

spot_img

Հրայր Ճէպէճեանի նորատիպ հատորին շնորհանդէսը

«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Շաբաթ, 4 Օգոստոսին, Առաջնորդարանին կազմակերպութեամբ, Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ «Էտկարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն եպիսկոպոս Նաճարեանի տեղի ունեցած է Արաբական ծոցի Սուրբ Գրքի Ընկերութեան տնօրէն Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս տեսայ» գիրքին շնորհանդէսը: Հանդիսավար Տիկին Սեդա Յովակիմեան ներկայացուցած է Դոկտ. Ճէպէճեանը, ապա հրաւիրած Առաջնորդարանի Դիւանապետ Նշան Պասմաճեանը ներկայացնելու համար նորատիպ գիրքը: Խօսք առած է նաեւ հեղինակը, որ իր յատուկ լաւատեսութեամբ եւ պահանջկոտ կեցուածքով շեշտած է կարեւորութիւնը հայերէն լեզուին եւ Քրիստոնեայ հաւատքին եւ անոնց պահպանման: Դոկտ. Ճէպէճեան սփիւռքահայ այն մտաւորականներէն է որ ոչ միայն մատը մեր ազգի վէրքերուն վրայ կը դնէ, այլեւ լաւատեսութեամբ կը վերաբերի անոնց բուժման եւ գործնական լուծումներ կ’առաջարկէ ահազանգային կարեւորութիւն ունեցող մեր հարցերուն: Գիրքի խմբագիր՝ Դոկտ. Հրայրին տիկինը՝ Դոկտ. Արտա Պոյնէրեան-Ճէպէճեան յայտնած է թէ դիւրին չէր եղած խմբագրելը այս հատորը, հաւաքել Դոկտ. Հրայրին 2011-2017 ժամանակաշրջանին հրապարակած բոլոր յօդուածները եւ պահել շարունակականութիւնը Դոկտ. Հրայրի փոխանցած պատգամին: Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարած է փակման խօսքը: Սրբազան Հայրը վաղուց ճանչնալով հեղինակը իր գնահատանքը յայտնած է անկեղծ հայ եւ անկեղծ Քրիստոնեայ Հրայրին տասնեակ տարիներու հայապահպանման ի նպաստ տարած աշխատանքին, կատարած է մէջբերումներ գիրքէն եւ պատգամած Հրայրի լաւատեսութեամբ աշխատանք տանիլ կարենալ խորտակելու մեր դիմաց կանգնած խոչընդոտները:

Հեղինակին գիրքերը վաճառուած են, որոնց հասոյթը պիտի յատկացուի Առաջնորդարանի կառուցման ծրագրին: Յիշատակելի երեկոն աւարտեցաւ Առաջնորդարանի Տիկնանց Յանձնախումբի կազմակերպած ճոխ հիւրասիրութեամբ: Զանազան հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ 70-ի հասնող հայորդիներ մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն առաջարկելով գաղութին մէջ աւելցնել նման բարձրորակ ձեռնարկներու թիւը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին