Արցախ այցելած զբօսաշրջիկներու թիւը 2017 թուականի առաջին կիսամեակի համեմատ այս տարուան նոյն ժամանակահատուածին աճած է 41 տոկոսով:
Այս մասին, ըստ «Արցախփրես»-ի, ըսած է ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Արտակ Գրիգորեան:
Ան տեղեկացուցած է, որ Արցախ այցելող զբօսաշրջիկներու աշխարհագրութիւնը եւս ընդլայնուած է:
«Նախորդ տարի Արցախը 95 երկիրներէ հիւրընկալած է հազարաւոր զբօսաշրջիկներ. անոնց մեծ մասը Ռուսիայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Իրանէն եւ եւրոպական այլ երկիրներէ ժամանածներն են: 2017 թուականին առաջին անգամ զբօսաշրջիկներ ունեցած ենք նաեւ Քամերունէն, Մոնկոլիայէն, Բենինէն, Սալւատորէն»,-մանրամասնած է ոլորտի պատասխանատուն:
Զբօսաշրջիկները հիմնականօրէն կը հետաքրքրեն Արցախի գեղատեսիլ բնութիւնը, պատմաճարտարապետական յուշարձանները, որոնցմէ մեր զրուցակիցը առանձացուցած է Գանձասարի վանական համալիրը, Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանը, Տիգրանակերտն ու Հունոտի կիրճ բնապատմական արգելոցը:
«Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի շահագործումէն ետք զբօսաշրջիկներու մեծ հոսքեր կը նկատուին նաեւ դէպի Դադիվանք վանական համալիր: Որպէս առանձին զբօսաշրջային կեդրոն կ’առաձնացնէի նաեւ Շուշի քաղաքը, որ վերջին տարիներուն կը համալրուի զբօսաշրջային նոր ենթակառուցուածքներով»,- նշած է ան:
«Մենք պատրաստ ենք տրամադրելու համապատասխան տեղեկութիւն, որ կրնայ նպաստել հայկական սփիւռքի քարտէսագրման, ինչպէս նաեւ դառնալ կապող օղակ տարբեր կազմակերպութիւններու միջեւ, որոնք ունին հետազօտութիւններու մեծ պաշար, անոնք կրնան օգտակար ըլլալ»,- ըսաւ նախարարը:
Քարտէսագրման աշխատանքներուն պիտի յաջորդէ հաղորդակցութեան ռազմավարութեան մշակումը, որուն շուրջ կողմերը համաձայնութեան եկան նորէն հանդիպելու եւ քննարկելու աշխատանքներու ընթացքը:






