Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Քապուլի Մէջ Պայթումներու Զոհերուն Թիւը Հասած Է 20-ի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Քապուլի արեմտեան հատուածին մէջ Սեպտեմբեր 5-ին տեղի ունեցած երկու պայթումներու հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 20-ի, 70 մարդ ստացած է տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներ: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «1TV» հեռուստաընկերութիւնը, աւելի կանուխ հաղորդուած էր 4 զոհի եւ 17 վիրաւորի մասին:

Նշենք, որ առաջին պայթումը որոտացած է մարտարուեստի ակումբին մէջ մրցումներու ժամանակ: Պայթուցիկ սարքը ակումբ բերած էր մահապարտ-ահաբեկիչը: Երկրորդ պայթումը տեղի ունեցած է նոյն ակումբէն ոչ հեռու:    

«Tolo News» հեռուստաընկերութիւնը տեղեկացուցած է, որ երկրորդ յարձակումը ուղղուած եղած է իրաւապահներու դէմ, որոնք արձագանգած էին առաջին պայթումի դէպքին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին