ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Շաբաթ, 25 Օգոստոս 2018, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Կլենտէյլի
Երիցական եկեղեցւոյ գեղակերտ սրահին մէջ, ներկայութեամբ երաժշտասէրներու հոծ բազմութեան, տեղի ունեցաւ Իրանահայերու միութեան «Լուտովիկա եւ Յակոբ Այնթապլեան կրթական եւ մշակութային կեդրոն»-ի երգչախումբի 38-րդ տարեդարձի հոյակապ երգահանդէսը:
Այդ օր սովորական երգահանդէսէ աւելի, հայ երգի իսկական փառատօն մըն էր, ուր հին, բայց՝ բնաւ չհինցող երգերու սքանչելի հրավառութիւն մըն էր տեղի ունեցածը: Իւրաքանչիւր երգ ոչ միայն կը խռովէր ներկայ հանդիսականներուն հոգիները, այլեւ կ՚արժանանար անոնց ջերմ եւ երկարատեւ ծափերուն: Բացի երկու երգերէ, յայտագրին Ա. եւ Բ. բաժինները ամբողջութեամբ մշակումներն էին հայրենի երգի-պարի անսամբլի՝ հայ երգի լուսաշող եւ անմար աստղերէն՝ Խաչատուր Աւետիսեանի:
Յիշենք, թէ վերջին տարիներուն, այս հոյակապ խումբին ղեկավարն է նոյնինքն Խաչատուր Աւետիսեանի որդին՝ Միքայէլ Աւետիսեանը:
* * *
Միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ, ազգային-հասարակական երիտասարդ գործիչ՝ Յովիկ Գաբիկեանի բացման եւ բարի գալուստի ջերմ խօսքերով ընթացք տրուեցաւ յայտագրին:
Այդ գիշեր երգչախումբի կատարումներուն կը մասնակցէր «Գորանի» ժողովրդային նուագախումբը, որ իր յաջող ներդրումը ունեցաւ հանդէսի ողջ տեւողութեան:
Հանդիսականները մեծագոյն հաճոյքով ըմբոշխնեցին 22 խմբային եւ անհատական, գուսանական եւ ժողովրդական համով-հոտով երգերու շարան մը, որ արժանացաւ ժողովուրդին որոտընդոստ եւ խելահեղ ծափահարութիւններուն:
Առաջին մասին մէջ երգուեցան՝
«Տօն Վարդավառի», «Էրզրումի շորոր», «Եար քէլէ նազով»՝ մենակատար Վեհանձն Գասպարեան, «Ջաղացս պատիկ-պատիկ», «Էսօր Շաբաթ էղնիր»՝ մենակատար Վահան Լաքս, «Փնջլիկ-մընջլիկ», «Կարօտ»՝ մենակատար Սիլվա Թորոսեան,
«Սէր իմ սիրուն ես», «Վասպուրականի երգեր»՝ մենակատար Հրայր Եղիայեան, «Հանինա նինա նինա»:
Իսկ երկրորդ մասին մէջ երգուեցան՝ «Զով գիշեր», «Կարփի ծերին մորի է»՝ մենակատար Սիլվա Թորոսեան, «Մոկաց հարսներ»՝ մենակատար Ռաֆֆի Դաւիթեան, «Քոչարի թօ» (պարսկերէն) մենակատար Ռաֆֆի Դաւիթեան,
«Սաղի» (պարսկերէն) մենակատար Օննիկ Սիմոնեան, «Եար քո բարակ բոյին մեռնեմ», «Զեփիւռ բարեւ տար»՝ մենակատար Հերմինէ Ամիրեան, «Մարալ ջան հեզ արի»՝ մենակատար Հերմինէ Ամիրեան, «Նինօ», «Տարօնի գորանի»:
Ժողովուրդը մեծագոյն խանդավառութեամբ եւ լիաթոք կը մասնակցէր երգչախումբի երգերուն:
Արդարեւ, գուսանական եւ ժողովրդական կոչուող երգերուն վրայէն որքան ժամանակը անցնի, այս գեղեցիկ երգերը, գինիի նման աւելի կը քաղցրանան եւ կ՚արժէքաւորուին:
Սփիւռքի մէջ հայ երգը միշտ ալ եղած է մեր ժողովուրդի ուրախ, տխուր, յուզումներ յառաջացնող, հայրենասիրական ոգի ներարկող, ազգապահպանման, ազգակերտման կարեւոր ազդակներէն մին: Որքան հայ երգ լսենք եւ երգենք, այդքան մօտ կ՚ըլլանք մեր ազգային արմատներուն, ակունքներուն եւ հայրենիքին:
Եկէք միշտ վառ եւ կենդանի պահենք հայ երգը մեր տուներէն ներս եւ մեր նորահաս զաւակներուն սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ: Թող մեր երիտասարդներուն շրթներէն անպակաս ըլլայ հայ երգը:
Միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ՝ Յովիկ Գաբիկեանի փակման ջերմ եւ խանդավառ խօսքերով ու գնահատանքներով վերջ գտաւ այս իրապէս հաճելի ձեռնարկը:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Իրանահայ միութեան երգչախումբը, մաղթելով թէ՛ երգիչ-երգչուհիներուն եւ թէ՛ խումբի ղեկավարներուն՝ նորանոր յաջողութիւններ: