«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Գէորգ Պ. Յակոբեանը պիտի ներկայացնէ իր հեղինակած ընդարձակ հատորը՝ «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու», Հինգշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA։ Կոթողական այս աշխատանքին պիտի անդրադառնայ նաեւ Յովսէփ Նալպանտեան: Մուտքը ազատ է:
Ստուարածաւալ այս հատորը հեղինակին երկար տարիներու հետեւողական աշխատանքին եւ անխոնջ պրպտումներուն արգասիքը կը հանդիսանայ։ Գէորգ Պ. Յակոբեան իր այս աշխատութեան մէջ ո՛չ միայն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի պատմութիւնը կ՚ուսումնասիրէ, այլ նաեւ մանրամասն տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Պոլսոյ երբեմնի ու նաեւ ներկայի հայկական ազգային ու անհատական շուրջ 170 վարժարաններու մասին։ Գիրքը կը պարունակէ հազուագիւտ լուսանկարներու հաւաքածոյ մը։
Գէորգ Պ. Յակոբեան ծնած է 1947-ին, Պոլիս։ Ներկայիյս կ՚ապրի Լոս Անճելըս։ Մինչեւ այսօր կ՚ուսումնասիրէ Թուրքիոյ Վարչապետարանի Օսմանեան ու Հանրապետական արխիւները եւ կը հաւաքէ անտիպ նիւթեր՝ հայոց տեղահանութեան, հայ որբերու, բռնի կրօնափոխ եղած հայերու, բռնագրաւուած ազգային ու անհատական կալուածներու մասին, որոնց դասաւորումը կը կատարէ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել՝ «Ապրիլ» գրատուն (818) 243-4112, noor@abrilbooks.com