ՍԹԻՖԸՆ ՔՈԹԿԻՆ
Այս բոլորը անցեալ դարուն էր
Անկէ իվեր խոր փոփոխութիւններ պատահած են։ Աշխարհաքաղաքական պատկերը ներկայիս կը նմանի 1970-ական ու նոյնիսկ՝ 1920-ական թուականներուն, մէկ հիմնական տարբերութեամբ. ռուսական ուժի ազդեցութեան նուազումով, զօրաւոր Գերմանիայով բայց անատակ Եւրոպայով, ամերիկեան հսկայով, պատրաստ բայց շփոթած՝ առաջնորդելու համար։ Բացի հնդկական, օսմանեան ու պարսկական ուժի կեդրոններու մէջ շարժումներէ, ասիական ուժի կեդրոնը Ճափոնէն տեղափոխուած է Չինաստան։
Չինական ժրաջանութիւնը երեւոյթ դարձած է, համապատասխան դիրք մը գրաւելով։ Սակայն այս դիրքը չէր կրնար նուաճել առանց ազատամիտ Ամերիկայի միաժամանակ ստեղծած համաշխարհային ապահովութեան։ Բաղդատած Եւրոպայի, Մ. Նանանգներ յարաբերաբար շատ քիչ ճիգ թափած են գաղթային, շեշտակի տիրակալութիւն հաստատելու համար օտար հողերու վրայ։ Իր շահերը ապահովելու համար Մ. Նահանգներ խուսափած է ուղղակի գերիշխանութիւն հաստատելէ օտար հողերու վրայ։ Անիկա նախընտրած է իր շահերը յառաջ քշել այլ երկիրներու կամաւոր դաշնակցութեամբ, բազմակողմանի հաստատութիւններով եւ ազատ առեւտուրով։ Նման շահախնդրութիւն մը պաշտպանուած էր զինուորական տիրապետութեամբ։ Այլ խօսքով, հաստատել մեքանիզմը՝ կազմակերպելու եւ տարածելու Ամերիկայի ազդեցութեան ընդարձակ նոր ծիրը։
Յատկանշական գաղափարաբանութեամբ զօրաւոր երկիրներ, ընդհանրապէս, նորադարձութիւն կը փորձեն ընել, եւ ընդհանրապէս յաղթականի մը շուրջ կը բոլորուին։ Հետեւաբար, զարմանալի չէ, թէ ժողովրդավարութիւնը, օրէնքին տիրապետութիւնը, եւ ամերիկեան այլ արժէքներ (values), ժողովրդական դարձան աշխարհով մէկ, յետպատերազմեան շրջանին, աչքի առջեւ ունենալով ամերիկեան օրինակը։ Սակայն ներկայիս, երբ Ամերիկայի յարաբերական ուժը նուազած է, եւ ամերիկեան որակը նեղութեան մատնուած է, կարգավիճակի մը կամ դրութեան մը դիւրաբեկութիւնը որ ուժէ կախեալ է, բացայայտած է Մ. Նահանգներու պատկերացումը։
Երկու գերուժերը (Ամերիկա ու Չինաստան) արդեօք պիտի կարենա՞ն ձեւը գտնել, իրենց մրցակցութիւնը հակակշռելու, առանց յանգելու պատերազմի մը մէջ։ Եթէ՝ ո՛չ, ատիկա կրնայ ըլլալ Թայուանի պատճառով։
Ասիական վագրին ուռճացումը հետեւանքը եղած է աշխարհայնացումի հրաշքին, դառնալով հարուստ, զօրաւոր ու ժողովրդավար, վերջին 20 տարիներուն։ Սակայն Պէյճինկ հաստատակամ է, պնդելով ետ պահանջելու հողատարածքներ, զանոնք նկատելով իր պատմական ստացուածքները։ Արդարեւ, Չինաստանի նախագահ Սի Ցինփին անձնապէս վերահաստատած է, թէ Թայուանը իսկութեամբ չինական ստացուածք է։ «Ժողովրդական փրկարար բանակը» հետեւողականօրէն կը զարգացնէ իր կառավարութիւնը ուժով գրաւելու համար այդ կղզին։
Նման արմատական քայլ մը խելագարութիւն կը թուի, նկատի ունենալով որ կրնայ մեծ քաոս ստեղծել, եւ որքան չինական շարունակուող ներքին յաջողութիւնը կախեալ է արտաքին կայունութենէ։ Սակայն կղզիին հանրային կարծիքը որդեգրած է որոշիչ ա՛յլ ուղղութիւն մը, դէպի տարբեր ինքնութիւն մը, որ հակառակն է Փեքինի տնտեսական ամբողջացումին։ Հետեւողականօրէն զօրացող Չինաստանը պիտի մնայ իր պնդումին վրայ, երկար ատենէ սպասուած պարգեւը կորսնցնելով։
Ի՞նչ է կացութիւնը ներկայիս
Վերջին քսանամեակին, Ռուսաստան շփոթեցուցած է Արեւմուտքը, կարենալով դիմադրել Արեւմուտքի պարտադրած քարիւղի գիներու խոր անկումին ու տնտեսական պատժամիջոցներուն։
Չինաստանի ալ եղծուած, մենատիրական իշխանութիւնները յաջողած են իրենց ընդարձակ երկրին տնտեսութիւնը աննախընթաց արագութեամբ զարգացնել, այն աստիճան, որ շատեր կը խորհին թէ անիկա պիտի տիրապետէ աշխարհին։
Մենատիրականութիւնը (authoritarianism) շատ ուժեղ է, բայց դժբախտաբար՝ դիւրաբեկ, մինչ ժողովրդավարութիւնը՝ հոգեյոյզ (pathetic), բայց առաձգական (resilient)։ Չինաստան կը բարգաւաճի յարաճուն յաջողութեամբ, բայց կրնայ ամէն ինչ փոխուիլ։ Ուժի իշխանութեան յաջողութիւնը կարճատեւ է որքան ալ տպաւորիչ ըլլայ։
Չինաստանը իր հսկայածաւալ տնտեսութեամբ կ՚՚ուզէ իր զօրութիւնը տարածել Արեւելեան եւ Արեւմտեան Չինաստանէն մինչեւ Հնդկաց Ովկիանոս, Կեդրոնական Ասիա, ու նոյնիսկ՝ մինչեւ Ափրիկէ ու Լատին Ամերիկա։ Այս ընթացքով, հակառակորդին ազդեցութեան գօտիէն ներս թափանցած կ՚ըլլայ։
Աւստրալիան, օրինակի համար, հարուստ ու տոկուն, ժողովրդավար երկիր մըն է, եւ ամերիկեան ուղղութեան զօրաւոր սիւնը, որ արգելք է Չինաստանի տարածումի ճամբուն վրայ։ Չինաստանի ազդեցութիւնը ու միջամտութիւնը հետեւողականօրէն կ՚աճի Աւստրալիոյ վրայ։ Տնտեսական փոխադարձ գործունէութեանց իբրեւ հետեւանք, Չինաստան կը ջանայ Աւստրալիան Ֆինլանտայի գոյավիճակին հասցնել։ Նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ կը տարուին նաեւ Ասիոյ մէջ եւ Եւրոպայէն ներս, Չինաստանի ծրագիրը ըլլալով ստեղծել Մեծ Եւրասիա, բոլորուած Փեքինի շուրջ, նոյնիսկ Եւրոպան բաժնելու գծով Ատլանտեանէն։
Ներկայիս, Մ. Նահանգներ կը մնայ զօրաւորագոյն ուժը աշխարհի մէջ։ Անիկա թոյլատրեց որ Չինաստան բարձրանայ, բայց միաժամանակ դիւրացուց աճը Եւրոպայի, Ճափոնի, Հնդկաստանի, Պրազիլի եւ այլ երկիրներու։ Սակայն, անոնցմէ շատեր նեղուեցան (chafe) ամերիկեան առաջնորդութենէ, կամ՝ նախընտրեցին չինական ներդրումը։
Ներկայիս, կը թուի թէ հարցը կը կայանայ չինական ազդեցութեան գօտիի տարածումին վրայ, առանց փոխարինելու Ամերիկայի ստեղծած եւ անոր կողմէ տիրապետուած միջազգային կարգը (order)։ Չինական ազդեցութեան գօտին վիթխարի կերպով աճած է, եւ այդպէս ալ պիտի շարունակէ։ Միաժամանակ, Չինաստանի վերածնունդը զինք լիազօրած է դառնալով տնօրինող ուժ մը։ Հետեւաբար, բուն հարցը ա՛յն է, թէ անիկա պիտի արշաւէ՞ կռապայտ (roughshod) այլ երկիրներու վրայէն, ինչ որ կարելիութիւն մըն է, եւ թէ Ամերիկա պիտի յօժարի՞ միաժամանակ վարել աշխարհի ղեկավարութիւնը, որովհետեւ պարտաւոր է։
Աշխարհակալներու պարտաւորութիւնները իրարմէ՞ կախեալ են արդեօք, որովհետեւ երբ հեղ մը տեղի տաս, մնացեալներն ալ ականահարուած չե՞ն ըլլար։ Լաւապէս գործադրուած ամերիկեան փոխանցում մը, շեշտուած համաշխարհային տիրակալութենէ դէպի ընտրուած (selective) հիմնական շահեր ունեցող նպատակակէտեր, լաւագոյն ընտրանքը պիտի ըլլայ, թէեւ քրթմնջիւններ պիտի լսուին։
Պատմութիւնը ապագայի մասին ոչինչ կ՚ըսէ, բացի այն բանէն որ մեզ պիտի զարմացնէ։ Բոլոր մարզերէ ներս տեսակաւոր զարգացումներ կրնան արմատականօրէն խախտել աշխարհի գոյավիճակը։ Աշխարհաքաղաքականութեան (geopolitics) մէջ, լաւ արդիւնքներ կարելի է քաղել։ Իրապաշտութիւնը յուսահատութեան չ՚առաջնորդեր։ Արդարեւ, չորս բաներ անհրաժեշտ են. 1) Արեւմտեան քաղաքագէտներ ձեւեր գտնելու են իրենց բնակչութեան մեծամասնութիւնը մասնակից դարձնելու արդիւնաբերութեանց, ձգտելով ստեղծել ազատ եւ ամբողջական աշխարհ մը։ 2) Չինացի քաղաքագէտներ խաղաղօրէն շարունակելու են բարձրացումը իրենց ազգին՝ իրաւախոհութեամբ (զիջումներով), քան թէ բռնադատութեամբ (կամ՝ բռնադիտութեամբ)։ Մ. Նահանգներ կոփելու են հաւասարակշռուած եւ արգելիչ (deterrent) արտաքին քաղաքականութիւն մը, զօրաւոր հաւաստիացումներ տալով Չինաստանի, միաժամանակ՝ ներքնապէս կառավարելու իրկիրները։
Վերջապէս, հրաշք մը պատահելու է Թայուանի հարցի կարգադրութեան համար։
(Շար. նախորդ թիւէն եւ վերջ)
Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«Foreign Affairs», Յուլիս-Օգոստոս 2018