«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի Հինգշաբթի խմբագիրներու սենտիքայի պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումի ընթացքին ըսաւ, որ քաղաքական բոլոր կողմերը պատասխանատու են կառավարութեան ձեւաւորման երկարաձգումին: Այս մասին կը հաղորդէ ազգային լրատուական գործակալութիւնը:
«Բոլորը պատասխանատու են կառավարութեան կազմաւորման յետաձգումին»,- ԱԼԳ-ը կը մէջբերէ Պըրրիի խօսքը:
Պըրրի նաեւ անդրադարձաւ այն շրջանառուող լուրերուն, ըստ որոնց՝ կազմաւորման գործընթացը կապուած է օտար միջատմութիւններու: «Եթէ իրապէս օտար միջամտութիւններ ըլլային, շատոնց կարելի կ’ըլլար կազմաւորել կառավարութիւնը»,- դիտել տուաւ խորհրդարանի նախագահը: