«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սեպտեմբեր 8-ին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով կը մեկնի Ռուսիոյ Դաշնութիւն:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նոյն օրը Մոսկուայի մէջ կը կայանայ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը: Այցի ծիրէն ներս նախատեսուած է նաեւ հանդիպում Մոսկուայի հայ գործարար համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: