Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան գաղթականական պետական ծառայութիւնը տեղեակ է Հոլանտայէն երկու հայ երեխաներու՝ 13-ամեայ Յովիկին եւ 12-ամեայ Լիլիին արտաքսելու որոշման մասին: Երեխաներու մայրը՝ Արմինէ Համբարձումեան աւելի կանուխ արտաքսուած էր Հոլանտայէն: Այս մասին կը հաղորդէ “Արմենփրես”-ը։
Հայաստանի գաղթականական պետական ծառայութեան հանրային կապերու պատասխանատու Նելլի Դաւթեան տեղեկացուցած է, որ ծառայութիւնը բոլոր հնարաւոր ծրագիրներով պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերելու երեխաներուն, եթէ անոնց մայրը չստանձնէ խնամակալութիւնը: Նելլի Դաւթեան ընդգծեց, որ իրենք այդ երեխաներու մօր հետ ոչ մէկ կապ ունին, նոյնիսկ տեղեակ չեն, եթէ ան օդակայան պիտի երթայ դիմաւորելու երեխաներուն:
«Եթէ անոնց մայրը չստանձնի երեխաներու խնամակալութիւնը, մենք ընդելուզման բոլոր հնարաւոր ծրագիրներով երեխաներուն շահառու պիտի դարձնենք‘ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեամբ: Շատ կազմակերպութիւններ կան, որոնց ծրագիրներով մենք երեխաներուն պիտի աջակցինք, բայց եթէ մայրը ստանձնէ խնամակալութիւնը, մենք ընելիք չունինք: Եթէ իրենք դիմեն ինչ-որ ընդելուզման ծրագրի համար, խնդիր չկայ, մենք կ’աջակցինք, եթէ նոյնիսկ իրենք չդիմեն, իսկ մայրը չըլլայ, մենք նախաձեռնող պիտի ըլլանք, իսկ եթէ մայրը խնամակալութիւնը ստանձնեց, մենք միջամտելու իրաւունք չունինք», պարզաբանած է Դաւթեան:
13-ամեայ Յովիկն ու 12-ամեայ Լիլին մօր՝ Արմինէ Համբարձումեանի հետ Հոլանտա տեղափոխուած էր 2008-ին՝ Ռուսիայէն: Անոնք Հոլանտայէն ապաստան խնդրած են, որու բացասական պատասխանը ստացած են 9 տարի անց՝ 2017-ին, երբ անոնց Հայաստան արտաքսելու որոշում կայացուած է: Արմինէ Համբարձումեան արտաքսուած է, սակայն երեխաները մնացած էին Հոլանտա, որովհետեւ իշխանութիւնները անոնց գտնուելու վայրի մասին տեղեկութիւններ չեն ունեցած, իսկ մայրը թաքցուցած է երեխաներու գտնուելու վայրը: 2018 Սեպտեմբեր 3-ին երեխաները դուրս եկած են թաքստոցէն: Յովիկը եւ Լիլին երբեք Հայաստան չեն ապրել, անոնք ծնած են Ռուսիա, իսկ իրենց մայրը՝ծնած է Ատրպէյճան եւ ապրած է Ռուսիոյ մէջ, սակայն ունի Հայաստանի քաղաքացիութիւն:
Խնդրին վերջերս անդրադարձած է նաեւ Հոլանտայի արքայադուստր Լաուրենթինը: Ան երկրի կառավարութեան կոչ ըրած է թոյլ տալ երեխաներուն մնալ:
«Չեմ կրնար եւ չեմ ուզեր իրավիճակի վերաբերեալ դատողութիւններ անել, բայց ես անկեղծ կը ցաւիմ այդ երեխաներուն պատահածին համար », ըսած է արքայադուստը‘ աւելցնելով, որ երեխաները կայունութեան կարիք ունին:
Հոլանտայի կառավարութիւնը իր հերթին յայտարարած է, որ երեխաները պէտք է վերամիանան իրենց մօր հետ:
Վերջին շաբաթներուն այս հարցը դարձած է Հոլանտական լրատուամիջոցներու ու ներքաղաքական քննարկումներու գլ-խաւոր առարկան:
Երեխաներուն դասընկերներն ու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները մի քանի օր է՝ Ամսթերտամի փողոցներու վրայ Լիլիի ու Յովիկի նկարներով ցոյցեր կատարած են:
Որոշումը հիմնաւորելու համար Հոլանտայի կառավարութիւնը փաստած է, որ Հայաստան ապահով երկիր է, եւ այնտեղ անչափահասներուն կեանքին ոչ մէկ վտանգ չի սպառնար:
Պատմութիւնը այնքան մեծ աղմուկ յառաջացուցած է, որ այս օրերուն հոլանտացի լրագրողներու խումբ մը Երեւան եկած է՝ պարզելու՝ եթէ Լիլին ու Յովիկը ի վերջոյ արտաքսուին, ի՞նչ կը սպասէ իրենց Հայաստանի մէջ, եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ պիտի ապրին անոնք:
«Պաշտպանութիւն յանուն երեխաներու» կազմակերպութիւնը կոչ ուղղած է յառաջիկայ Հինգշաբթի զանգուածային բողոքի ցոյց կատարել եւ 25 հազար ստորագրութիւն հաւաքել‘ արտաքսման որոշումը բողոքարկելու համար: Եթէ այս ջանքերը յաջողութեամբ չաւարտին, Յովիկն ու Լիլին պէտք է լքեն երկիրը այս շաբաթավերջին՝ Սեպտեմբեր 8-ին: